ԱԼԺԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, ալճերիական ուժեր յարձակած են քարիւղի հանքի մը մէջ խումբ մը ալճերիացիներ եւ օտար պաշտօնեաներ պատանդ բռնած ծայրայեղ իսլամական զինեալներու վրայ՝ փրկելով 28 օտար ու տասնեակներով տեղացի պատանդներ, սակայն գործողութեան ընթացքին սպաննուած են առնուազն 6 օտար պատանդեր եւ 8 զինեալներ:
Կը կարծուի, թէ 7 այլ օտարահպատակ քաղաքացիներ պատանդ կը մնան, մինչ զինեալ բախումները կը շարունակուին հանքին մէջ, որ կ՛օգտագործուի Ալճերիոյ, ինչպէս նաեւ բրիտանական ու նորվեկիական ընկերութեանց կողմէ:
Նախապէս հաղորդուած էր, թէ զինեալ միջամտութեան ընթացքին սպաննուած էին 35 օտարներ ու 15 զինեալներ:
Միւս կողմէ, Մալիի մէջ իսլամականներու դէմ տեղի ունեցող ֆրանսական զինուորական գործողութեան դէմ իբրեւ բողոք՝ Չորեքշաբթի օր Սոմալիոյ իսլամականները սպաննած են 2009էն ի վեր պատանդ պահուող «ֆրանսացի գաղտնի գործակալ մը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.