«ԱՍՊԱՐԷԶ»

«Ակօս»ի 18 Յունուարի թիւին մէջ լոյս տեսած է Ճեմալ Փաշայի թոռան՝ Հասան Ճեմալի ստորագրած գրութիւնը, որ Հրանդ Տինքի վեցերորդ տարելիցին առթիւ, Պերլինի «Հունպոլտ» համալսարանին մէջ նոյն օրը իր տալիք բանախօսութեան բնագիրն է: Գրութիւնը կը կրէ «1915ի վիշտը ո՛չ թէ անցեալին, այլ այսօրուան խնդիրն է» վերնագիրը եւ կը սկսի Միլան Քունտերայի հետեւեալ տողերով.
«Իշխանութեան դէմ մարդուն պայքարը
Մոռացութեան դէմ յիշողութեան պայքարն է»:
Ստորեւ՝ Հասան Ճեմալի գրութիւնը.
Ամէն անգամ, որ Պերլին կու գամ, թախիծ մը կը զգամ: Լուսանկար մը կը պարզուի երեւակայութեանս մէջ: 1917 թիւը ըլլալու է, դեռ կը շարունակուի Ա. Աշխարհամարտը: Օսմանեան կայսրութեան Էնվեր եւ Թալիաթի հետ երրորդ կարեւորագոյն հրամանատարը՝ մեծ հայրս՝ Ճեմալ Փաշան, զինուորական համազգեստով Ատլոն պանդոկի մուտքին է: Շուրջը գերմանական կայսրութեան սպաներ կան եւ անոնց կողքին՝ Գերմանական զինուորական ակադեմիոյ ուսանող 17ամեայ հայրս: Թերեւս այս նկարը խորհրդանշական իմաստ մը կ՛ունենայ նաեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան առումով:
44 տարուան լրագրողական ասպարէզիս մէջ յաճախ գործածած եմ «վիշտը կը հասունցնէ» նախադասութիւնը: Համոզուած եմ, որ այս խորհուրդը ամէնէն շատ Պերլինի մէջ կարելի է զգալ: Եւ ես այս քաղաքին մէջ միշտ կը տարուիմ ձերբակալուած միտքի եւ ձերբազատուած միտքի մասին խորհելու, որովհետեւ այս քաղաքը մեծ փորձառութիւն ունի միտքերուն՝ բռնապետական գաղափարախօսութիւններու կողմէ գերեվարուելուն: Բայց Պերլինը իր այդ սոսկալի անցեալին հետ առերեսուելով՝ մեծ նպաստ բերած է ձերբակալուած միտքերու ձերբազատման ընթացքին:
Երիտասարդութեան տարիներուս ես զիս կոմունիստ կը կարծէի: Չէի անդրադարձած, որ միաժամանակ Քեմալական եւ ազգայնական մըն եմ: Հանրապետութիւնը նոր ազգային պետութիւն մը հիմնած էր եւ ազգ կառուցելու սիրոյն՝ երկրի բոլոր մահմետականներուն կը պարտադրէր թրքանալ եւ ոչ-մահմետականներուն ալ՝ բնաջնջուիլ: Հաքքարիցի քիւրտ մտաւորական մը վերջերս սապէս կ՛ըսէր՝ «Թուրքիոյ մէջ տարիներէ ի վեր քիւրտերոը իրենց գոյատեւելը փաստելու կ՛աշխատին, իսկ հայերը՝ սպաննուիլը»:
Ես նախապէս տեղեակ չէի այս իրողութենէն: Քիւրտերու կամ 1915ի մասին պատկերացում մը չունէի: Իր ժողովուրդին նկատմամբ վստահութիւն չունեցող պաշտօնական պատմութեան տեսութեամբ մը ուսած էին: Այդ պատճառաւ ալ Թուրքիոյ մէջ պատմութեան հետ զբաղիլ կը նշանակէ՝ ներկային հետ զբաղիլ: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ պատմութեան հետ զբաղիլը քաղաքական պայքար մըն է: Երբ կը սկսիս իրողութիւնները լուսաբանել, յանկարծ ականջիդ կը հասնի «հօփ հէլէ» զգուշացումը: Որովհետեւ միտքի ոստիկանները չեն ուզեր, որ շեղինք յերիւրածոյ պատմութենէն:
Ճորճ Օրուըլ կ՛ըսէ, թէ «ազատութիւնը մարդկանց լսել չուզածը կարենալ ըսել է»: Այս համոզումը կը խենթացնէ միտքի ոստիկանները: Անոնք միայն մէկ իրողութիւն ունին, այն ալ իրենց ըսածն է:
2005ի գարնան, Սալզպուրկի մօտակայ լճափի մը, մեր սիրտերը իրարու բացինք Հրանդին հետ: Երկուքիս ալ երազանքն էր Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը: Հրանդ համոզուած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբուն վրայ Թուրքիա պիտի յաղթահարէ կոպիտ ազգայնականութիւնը եւ պիտի յաջողի իր պատմութեան հետ առերեսուիլ: Ափսոս, որ անցնող տարիներու ընթացքին յառաջընթաց մը չարձանագրուեցաւ: Դեռ կը յամառինք հայ ժողովուրդի հետքերն իսկ ուրանալու: Կրնամ ըսել, որ Հրանդ Տինք իր կեանքով հատուցանեց Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան նկատմամբ երազանքը, բայց այդ հատուցումով ալ թափ ստացաւ ձերբակալուած միտքերու ձերբազատումը:
Հրանդին հատուցումը իմ ալ միտքս ձերբազատեց: Մահուան վեցերորդ տարելիցին, Պերլինի «Հունպոլտ» համալսարանին մէջ անգամ մըն ալ մեծ կարօտով կը յիշեմ զինք եւ կը բաժնեմ Ցեղասպանութեան կսկիծը:
Turki sovorakan keghtcavorutyun e: turke chi karogh mard linel. Es lakoti papn el 100 tari araj nuyn stern er asum. Lav turke satkatc turkn e. Yes hay em ev indz hamar zzveli e turki het amen mi shpum, haye turkeri masin miayn mi ban piti mtatsi: yerb piti turkere getni takn antcnen. Turkeri het es sili-bilin inchi hamar e?