
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– Բնապահպան գործիչներ 16 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեցին, որ պիտի ստեղծեն Համահայկական բնապահպանական ճակատ (ՀԲՃ), որուն մաս պիտի կազմեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բնապահպանները։ Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսուած է Համահայկական բնապահպանական ճակատին կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ փոխանցուած է, որ անոր կրնան միանալ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն պայքարիլ Հայաստանի բնապահպանական խնդիրներուն դէմ: Անոնք այս նախաձեռնութեան դիմած են՝ գիտակցելով, որ բնապահպանութիւնը հայաստանապահպանութիւն է, եւ որ Հայաստանի մէջ բնապահպանական առկայ իրավիճակը կարելի է ուղղել միայն համայն հայութեան բնապահպանական ներուժի համախմբումով։
«Բնապահպանական ճակատը խօսում է հայ տեսակի համախմբման մասին, եւ այս շարժման մէջ շատ լաւ կը լինի, որ ամբողջ հայութիւնը ներառուի», յայտնած է բնապահպան Եղիա Ներսիսեանը՝ նշելով, որ ճակատին նպատակը համախմբուած եւ աւելի կազմակերպուած պայքարի միջոցով բնապահպանական առկայ խնդիրներու լուծումն է: Ամերիկահայ գործիչ Վաչէ Թովմասեան նկատել տուած է, որ Թռչկանից ու Մաշտոցի պուրակէն ետք մեծ ոգեւորութեամբ սկսած են համագործակցել Հայաստանի գործիչներուն հետ: Անոր համաձայն, սփիւռքը կը մտահոգուի հայրենիքի առնչուած բոլոր խնդիրներով: Մարիամ Սուխուդեանը տեղեկացուցած է, որ Ճակատին կը միանան նաեւ Արցախի բնապահպան գործիչները: ՀԲՃին անդամակցութիւնը կամաւոր է: Սկզբնական շրջանին բոլոր աշխատանքները պիտի կատարուին կամաւորութեան սկզբունքով: ՀԲՃի բնականոն գործունէութեան ապահովման համար պիտի ստեղծուի նաեւ բնապահպանական հիմնադրամ։