ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան 1500 իսրայէլացի զինուորներ Կիրակի, Յունուար 13ին ներխուժեցին պաղեստինցիներու Պապ Շամս նորաստեղծ գիւղը՝ ձերբակալելով 120 պաղեստինցիներ, ներառեալ՝ Պաղեստինեան ազգային նախաձեռնութեան ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Պարղութին: Վիրաւորուեցան պաղեստինցի 15 գործիչներ: Վրանաբնակ գիւղը հաստատուած էր իբրեւ բողոք՝ այդ տարածքին մէջ հրէական բնակեցման վայրեր կառուցելու ծրագիրին, որ արժանացած էր միջազգային քննադատութեանց: Այդ ծրագիրի քննադատները կը նշեն, որ այդ շինարարութիւնը Երուսաղէմի արաբական շրջանները կ՛անջատէ Արեւմտեան Ափէն:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր իսրայէլացի զինուորներ կրակ բացած են Արեւմտեան ափին վրայ ցոյց կատարող խումբ մը ուսանողներու դէմ՝ սպաննելով 17ամեայ պաղեստինցի մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.