ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ Հինգշաբթի, Յունուար 10ին կարեւոր նորութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը բեկանեց Պոլսոյ 14րդ դատարանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, ըստ որուն՝ Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ետին կազմակերպութիւն մը չկար: Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ Պոլսոյ դատարանը ամբաստանեալները յանցաւոր նկատած էր մարդասպանութեան համար, բայց զանոնք անպարտ հռչակած էր կազմակերպութեան մը պատկանած ըլլալու ամբաստանութենէն՝ մերժելով այն պնդումները, թէ Հրանդ Տինք սպաննուած էր կազմակերպութեան մը հրահանգով ու ցուցմունքով։ Վճռաբեկ ատեանը, այժմ, հակառակը վճռեց:
Հիմա Պոլսոյ 14րդ դատարանը պարտադրուած է դատավարութեան մօտենալ՝ նկատի ունենալով Վճռաբեկ ատեանի սոյն վճիռը։
Վճռաբեկի դատախազութիւնը իր տեղեկագիրին մէջ նշած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը սովորական մարդասպանութիւն մը չէ եւ թէ այդ սպանութեան ետին կայ պետութեան միութիւնն ու ամբողջականութիւնը խանգարելու, ժողովուրդին միութիւնն ու միասնութիւնը կացինահարելու, իշխանութեան հեղինակութիւնը տկարացնելու ու երկրին մէջ քաոս եւ անիշխանութիւն ստեղծելու նպատակ։
Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազին կարծիքով՝ Հրանդ Տինք սպաննուած է պարզապէս տարբեր կրօնքի մը պատկանած ըլլալուն համար, եւ ասիկա յայտնապէս կազմակերպութեան մը գործն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կռահեցինք այս լուռը ժամանակին, փոխանակ Կազմակերպետութեան այլ Պետութեան Որոշումով, Ամերիկայեն վերադարձեն ետք!!!