ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Իրաւաբան Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, Յունուար 10ին տեղեկացուց, թէ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց, որոնք պիտի կայանան ունենան Ապրիլ 2ին:
Այս մասին հրապարակած իր բաց նամակին մէջ, Սինանեան յոյս կը յայտնէ, թէ համայնքին ցուցաբերելիք իր օժանդակութեան շնորհիւ կրնայ յաղթանակ ապահովել՝ դրական փոփոխութիւններ իրագործելու համար քաղաքէն ներս:
Սինանեան արդէն իսկ գործօն մասնակից մըն է Կլենտէյլի քաղաքական կեանքին մէջ՝ ըլլալով քաղաքի Զբօսավայրերու եւ համայնքային սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ, իսկ 2009էն 2011ի միջեւ՝ Համայնքային զարգացման խորհրդակցական մարմինի ատենապետ:
Սինանեան նաեւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան մըն է եւ ամէն առիթով մղած է Կլենտէյլի քաղաքացիները, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերեն քաղաքին կառավարման աշխատանքներուն:
Սինանեան Հայաստան ծնած է, ապա Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1988ին, իսկ վերջին 14 տարիներուն՝ Կլենտէյլի բնակիչ է: Ան իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ իրաւաբանութեան վկայականը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, ու 2001էն ի վեր նետուած է իրաւաբանութեան ասպարէզ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ընտրապայքարին կայքէջը՝ www.facebook.com/ZarehSinanyanForGlendaleCityCouncil?ref=ts&fref=ts հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.