ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Եւրոպական յանձնաժողովը՝ Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներու եւ Զուիցերիոյ հետ համագործակցաբար, երրորդ երկիրներուն եւ ԵՄի դրացի երկիրներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի մէջ ստեղծած է ժողովրդավարութեան աջակցութեան հիմնադրամ մը։
Պրիւքսէլի «Ի. Եու. Օպզըրվըր» ելեկտրոնային թերթին համաձայն, հիմնադրամի ֆինանսաւորման սկզբնական գումարը, որ արդէն սկսած է իր գործունէութեան, կը կազմէ 14.2 միլիոն եուրօ: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն Եւրայանձնաժողովը հիմնադրամին յատկացնէ 10 միլիոն եուրօ եւս:
Նախատեսուած է, որ ժողովրդավարութեան աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամը դրամական յատկացումներ կատարէ լրագրողներուն, պլոկըրներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, նաեւ քաղաքական շարժումներուն:
Հիմնադրամը նպատակ ունի աջակցելու ժողովրդավարական շարժումներուն Ալճերիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելոռուսի, Եգիպտոսի, Վրաստանի, Յորդանանի, Լիբանանի, Լիպիոյ, Մարոքի, Մոլտովիոյ, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.