ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2012ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին Հայաստանի սահմանային զօրամասերը, հետեւեցան պաշտպանական յենակէտերուն մէջ մարտական հերթապահութեան եւ զրոյցներ ունեցան զինուորներու հետ։
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց Հայոց բանակի զինուորները, բարեմաղթութիւններ ըրաւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց անձնուէր ծառայութեան համար: Ան զինուորներուն յայտնեց, թէ հայ զինուորը կոչում է. «Պարտադիր չէ, որ ան ըլլայ խրամատի մէջ կամ հրացանը ի ձեռին։ Կարեւորն այն է, որ մարդ ինքզինք զգայ հայրենիքի զինուոր։ Ես կը կարծեմ՝ առաւել բարձր կոչում եւ առաւել մեծ երջանկութիւն չկայ, քան ըլլալ հայրենիքի զինուոր։ Ես շատ բան տեսած եմ, հակառակ որ տարիքով այնքան ալ մեծ չեմ. տեսած եմ մեր ժողովուրդի դժուարութիւնները, տեսած եմ բազմաթիւ ընկերներու կորուստներ, տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս բնակավայրեր կը կործանին։ Ամէն ինչ տեսած եմ։ Տեսած եմ ընկերներու նուիրում, տեսած եմ ընկերներու դաւաճանութիւն։ Ամէ՛ն ինչ։ Բայց իրօք, աւելի մեծ բան չկայ, քան հայրենիքին ծառայելը։ Կ՛ուզեմ, սիրելի զինուորներ, որ դուք այս գիտակցութեամբ ապրիք ձեր ամբողջ կեանքը։ Մեր ժողովուրդը երկա՜ր կ՛ապրի այս հողին վրայ ու երկար ճամբայէ մը անցած է։ Այդ ճամբուն վրայ եղած են յաջողութիւններ, եղած են ձախողութիւններ, բայց մենք, փա՜ռք Աստուծոյ, կա՛նք եւ վստահ եմ, որ միշտ պիտի ըլլանք։ Մենք կա՛նք, որովհետեւ թէ՛ մեր իշխանաւորները մեծ մասամբ, թէ՛ եկեղեցականը եւ թէ ռամիկը, յաճախ զինուոր նկատած են իրենք զիրենք։ Մեր հարեւանութեամբ եղած են ժողովուրդներ, որոնք քանակով ու հզօրութեամբ աւելին եղած են, քան հայ ժողովուրդը։ Կարելի է թուարկել առնուազն երկու տասնեակ ժողովուրդներ, որոնք մնացած են պատմութեան էջերուն մէջ, մնացած են, որովհետեւ իրենք իրենց ազգի զինուորը չեն եղած, իրենց հայրենիքի զինուորը չեն եղած։ Եւ հայ ժողովուրդը պիտի յարատեւէ, որովհետեւ մեզմէ շատեր իրենք զիրենք հայրենիքի զինուոր կը նկատեն», ըսաւ նախագահ Սարգսեան։
Ապա խումբ մը զինուորներ, որոնք ծառայութեան ընթացքին աչքառու դարձած են իրենց նուիրումով ու խիզախութեամբ, նախագահին կողմէ նուէրներ ստացան։
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արենի գիւղի բնակիչներուն հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք տօներուն առիթով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.