
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միջին Արեւելքի Բողոքական եկեղեցիներու միութեան Թուրքիոյ պատասխանատու պատ. Գրիգոր Աղապալօղլուի գլխաւորութեամբ, բողոքական համայնքի քանի մը անդամներ աղերսագիր մը յղած են Տիարպեքիրի Վագըֆներու շրջանային տնօրէնութեան ու պահանջած, որ իրենց վերադարձուի 1870 թուականին Տիարպեքիրի մէջ կառուցուած Ս. Փրկիչ եկեղեցին, որ 1983ին գրաւուած էր Տիարպեքիրի Վագըֆներու շրջանային տնօրէնութեան կողմէ։ Այս վերջինը եկեղեցին գրաւած էր՝ պնդելով, որ ատիկա այլեւս համայնք ու ծառայութիւն չունի։ Նոյն մարմինը նորոգութեան ենթարկած է հին եկեղեցին ու զայն վերածած կնոջական միութեան մը, ուր կիներու համար գորգաշինութեան եւ այլ արհեստներու մասին դասընթացքներ կատարուեցան։
2012ին, Հայ բողոքական համայնքը որոշեց ետ պահանջել այս եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ վերջին ատենապետ Յովհաննէս Կիւլսաթարի որդւոյն՝ Էրտալ Կիւլսաթարի, եւ պատուելի Աղապալօղլուի նախաձեռնութեամբ, նախ կազմուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն մը եւ ութ անուններէ բաղկացեալ ցանկ մը։ Ապա, աղերսագիրը պատրաստուեցաւ ու պահանջը դիմուեցաւ։
Աղերսագիրին մէջ բողոքական համայնքի ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ եկեղեցին այժմ կը գործածուի իր առաքելութենէն տարբեր նպատակներու համար, ինչ որ ճիշդ չէ, նաեւ նշեցին, թէ Տիարպեքիրի եւ մերձակայ շրջաններու բողոքականները տեղի կարիք ունին, ուստի այս եկեղեցին պէտք է վերադարձուի իրենց։
Գրիգոր Աղապալօղլու ըսաւ, որ Տիարպեքիրի մէջ բողոքական համայնք չէ մնացած թերեւս, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ բողոքականներու համայնք մը գոյութիւն չունի։ Ան դիտել տուաւ, որ պետութիւնը կրնայ իսլամ վագըֆներու կալուածներուն վրայ ալ ձեռք դնել, սակայն զանոնք կը գործածէ իրենց սկզբունքներուն յարմար ուղղութեամբ, մինչդեռ Քրիստոնեաներէ գրաւուած կալուածներուն պարագային՝ նոյնը չի կատարուիր։ Անոնք կա՛մ կը վաճառուին, կա՛մ պետութեան տարբեր կարիքներուն համար կը գործածուին։ Ան աւելցուց, թէ «եկեղեցին եկեղեցի՛ է, ոչ թէ գորգագործութեան դասաւանդութեան դպրոց»։
Էրտալ Կիւլսաթարը, իր կարգին յայտնեց, որ իրենց ըրածը փորձ մըն է, եւ իրենք վստահ են, որ պետութիւնը պիտի վերադարձնէ այդ եկեղեցին։
Միւս կողմէ, Տիարպեքիրի Բողոքական եկեղեցւոյ քարոզիչ Ահմետ Կիւվեներ ըսաւ, որ քաղաքին մէջ կայ 80 հոգիէ բաղկացած համայնք մը, եւ տուեալ պահուն՝ իրենց ունեցած եկեղեցին բաւարար չէ։ Եթէ նկատի առնուի այն, որ դրացի նահանգներէն ալ այլ բողոքականներ կու գան հոն, ապա ուրեմն աւելի մեծ եկեղեցիի մը կարիքը կայ։