ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 6րդ նստաշրջանի վերջին լիագումար նիստը տեղի ունեցած է 26 Դեկտեմբերին՝ նախագահութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին: Ներկայ եղած են կառավարութեան անդամները, հանրապետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, Ստեփանակերտի քաղաքապետը:
Հաստատելով նիստին օրակարգը, որ բաղկացած էր «ԼՂՀ 2013թ. պետական բիւջէի մասին» օրէնքի նախագիծին եւ պիւտճէական թղթածրարին առնչուած տարբեր հարցերէ, խորհրդարանը շարունակած է նախորդ լիագումար նիստին քննարկումները:
Ներկայացնելով յառաջիկայ տարուան նիւթական գլխաւոր փաստաթուղթին վերջնական տարբերակը, տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը հաղորդած է, որ քննարկումներու երկրորդ հանգրուանին իբրեւ արդիւնք խորհրդարանէն, մասնաւորապէս Դաշնակցութիւն եւ Արցախատուն կուսակցութիւններու պատգամաւորական խումբերէ, կառավարութեան ուղղուած են 5 հարցումներ, որոնց վերաբերեալ կառավարութեան տեսակէտները, ինչպէս նաեւ պիւտճէին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները ներկայացուած են խորհրդարանին՝ երկրորդ լրացուցիչ թերթիկի միջոցով: Նախարարը դիտել տուած է, թէ հակառակ անոր որ առաջադրուած հարցերը նախապէս եւս բարձրացուած են, սակայն անոնք նկատի պիտի առնուին, թէեւ անոնց լուծումը միայն պիւտճէէն կախեալ չեն, այլ պէտք է ծաւալիլ նաեւ բարեսիրական ու նման ծրագիրներ։
Կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին համաձայն, 2013ի պիւտճէի եկամուտները պիտի կազմէ 71 միլիառ 263.9 միլիոն դրամ (մէկ տոլարը համարժէք է 403 դրամի), ծախսերը՝ 72 միլիառ 36.1 միլիոն դրամ, պակասուրդը՝ 772.2 միլիոն դրամ: Ապա կատարուած է նախագիծի քուէարկութիւն՝ 26 պատգամաւորներ թեր քուէարկած են, իսկ 2՝ դէմ: Նախկին դաշնակցական Վահան Պատասեանն ու նախագահական ընտրապայքարի մտած Վիտալի Բալսանեանն էին դէմ քուէարկողները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.