ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շիշագործութիւնը ապակեգործութեան արհեստին մէջ երբեմն արուեստի մակարդակ կը նուաճէ, երբ սովորական հեղուկ ամբարելու իր նպատակէն տարբեր, շիշեր կը պատրաստուին իբրեւ զարդ, մանաւանդ երբ զայն պատրաստող անձը, խմորային վիճակի մէջ եղող ապակիին տարբեր ձեւեր կու տայ, յատուկ օդափողով փչելով այդ տաք խմորին մէջ: Տեսնուած են իրարու հիւսուած շիշեր, մէկը միւսին մէջ դրուած եւ իրարմէ անանջատելի շիշեր, որոնց երկուքն ալ օգտագործելի են: Տակաւին կան երկար բարակ ու նեղ վիզով շիշեր, բարձր ձօղունով ծաղիկներ խնամելու, կամ պահեստի այլ հեղուկներ պահպանելու նպատակով պատրաստուած:
Յատկապէս բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ հիւրընկալող քաղաքներու յուշանուէրներ վաճառող ճոխ խանութներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ շիշագործութեան արուեստի տեսականիին, որուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն նուրբ ապակիով ու նեղ բերանով պատրաստուած այն շիշերը, որոնց մէջ սկիզբէն զետեղուած կ՛ըլլան նաւերու մանրատիպեր, կամ այլ նրբակերտ իրեր՝ տուեալ երկրին կամ քաղաքին խորհրդանիշը եղող: Այդ շիշերը տեսնողներուն առաջին տպաւորութիւնը զարմանքի արտայայտութեամբ կը յատկանշուի, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի եղած է այդ նրբակերտ սակայն մեծ առարկան մտցնել շիշի նեղ վիզէն ներս: Յստակ է, սակայն, թէ զայն պատրաստող արուեստագէտ շիշագործը, արհեստին յատուկ ճարտարութեամբ, խմորային վիճակի մէջ գտնուող ապակին փչած միջոցին, վարպետութեամբ զանիկա կը տեղադրէ ապագայ շիշին մէջ:
Հիմա, երբ ապակեգործութեան մեքենաները եւ պատրաստուելիք գոյքերը ձեւաւորող գործիքները այնքան արդիականացած են, որ թերեւս շատ սովորական թուին վերոյիշեալ շիշերու տեսակները կամ ձեւերը, եւ կամ ապակիով պատրաստուած տարբեր տեսակի իրերը: Սակայն, միշտ ալ ձեռքով պատրաստուած շիշերը աւելի արժէքաւոր ու գնահատելի կը մնան, քան՝ մեքենաներով պատրաստուածները:
Ապակեգործութեան մասին խօսած ատեն, այստեղ կը սահմանափակուինք միայն շիշագործութեամբ, զանց առնելով ապակիներով պատրաստուած նկարային արուեստը, որուն բարձրորակ օրինակներուն կը հանդիպինք Եւրոպական քաղաքներու մէջ հսկայական տաճարներու բարձրադիր լուսամուտներուն վրայ:
Ներկայ յօդուածին գրառման պատճառը պարզ խորհրդածութիւն է, շիշերու եւ մարդոց նմանութենէն ներշնչուած: Շիշերն ալ մարդոց կը նմանին: Ճիշդ է, անոնք ձեռքեր ու ոտքեր չունին: Միթէ՞ խեղանդամներուն այսօր կատարեալ ֆիզիքականով մարդու արժէք չի տրուիր: Ուրեմն շիշերն ալ, առանց ձեռքեր ու ոտքեր ունենալու, իրենց «սիրտ»ին մէջ տարբեր նիւթեր ամբարելու կարողականութեամբ եւ մանաւանդ բերանով, կրնան նմանութիւնը ըլլալ մարդ էակին: Երբեմն բուրումնաւէտ օծանելիքներով լեցուն շիշերուն կափարիչը փակ ըլլալուն պատճառաւ, բնաւ չենք առներ անոնց անուշ բոյրը, նման այն մարդոց, որոնք շատ իմաստուն կրնան ըլլալ, սակայն անոնց լուռ մնալուն պատճառաւ բնա՛ւ չենք կրնար օգտուիլ անոնց գիտութենէն ու փորձառութենէն: Կամ, ճիշդ հակառակը, երբ մաքրութեան յատուկ հականեխեչ հեղուկներով լեցուն շիշերուն կափարիչը բաց մոռցուած ըլլայ, ամբողջ մթնոլորտին մէջ կը տարածուի անոր անհաճոյ հոտը: Մինչդեռ եթէ անոր բերանը փակուէր, բնա՛ւ դուրս պիտի չգար անոր գարշահոտութիւնը: Նոյնպէս ալ այն մարդիկը, որոնք հայհոյալից լեզուով ուրիշներուն դիմելու, կամ իրենց նմանները վիրաւորական խօսքերով կշտամբելու վատ սովորութիւնը ունին, եթէ իրենց բերանները փակեն, ո՛չ ոք պիտի իմանայ իրենց տմարդի ու յարձակողապաշտ բնութիւնը:
Ամէնէն աւելի, սակայն, երկար ու նեղ վիզով շիշերուն ունեցած նմանութիւնը եւ բաղդատականը հետաքրքրական է, ամբարտաւանութեամբ սնող մարդոց հետ: Մարմինը աճեցնելու նման, ոմանք իրենց հոգին կ՛աճեցնեն սնկային այնպիսի հիւանդութեամբ, որ նաեւ վարակիչ կը դառնայ շրջապատին մէջ: Մէկուն ամբարտաւանութեան օրինակը, հեշտութեամբ կ՛ընդօրինակուի ուրիշներու կողմէ, երբ շուտով յառաջդիմելու, հեղինակութիւն ձեռք բերելու եւ «մեծ» դառնալու հնարաւորութիւն տեսնուի հորիզոնին վրայ: Մանկապարտէզի երեխան ամբարտաւանութեամբ կը սնի, երբ իր վարժուհին ամբարտաւան է: Եւ այսպէս, փոքրէն մինչեւ մեծ, գլխաւոր օրինակի մը հետեւելու բնական ընթացքի մէջ կը մտնեն, հասնելու համար կատարեալին: Իսկ եթէ այդ կատարեալ թուացող գլխաւոր օրինակը դրական ու իտէալ տիպարը չէ՛, այն ատեն վատ կաղապարը իր կաղապարով պիտի ձուլէ իր տրամադրութեան տակ դրուած ամբողջ «հում նիւթ»ը, վատէն վատթարագոյնին առաջնորդելով մարդկային ընկերութիւնը: Տեսնուած է նաեւ, որ վատ կաղապարով ձուլուած վերջին օրինակը, ժխտական առումով շա՛տ աւելի «կատարեալ» պատկեր կը ներկայացնէ, քան՝ սկզբնատիպը: Օրինակ, տգէտ ու ամբարտաւան մօր ծնած աղջիկը՝ աւելի՛ ամբարտաւան կը դառնայ, քան՝ իր մայրը:
Փորձաքարը, այս պարագային, ձուլուած օրինակին՝ վերջին տիպարին պաշտօն յանձնելն է: Անիկա շուտով պիտի գերազանցէ սկզբնատիպը, եւ ո՛չ միայն կապկէ զայն, այլ վատագոյն յաւելուածները յօրինէ: Օրինակ, եթէ սկզբնատիպը վատ վերաբերում ունէր իրեն ենթակայ անձերուն հետ, նորագոյն ձուլուածը կը ստրկացնէ իր տրամադրութեան տակ գտնուողները: Մանուկին վատ օրինակ հանդիսանալը, հաւասար է անոր ձեռքը զէնք տալուն: Անիկա չի՛ գիտեր թէ սպանութիւնը վատ արարք է: Գնդացիրը աջ ու ձախ պտտցնելէն եւ կրակելէն հաճոյք կը ստանայ անիկա, արիւնահեղութիւնը քաջագործութեան, եւ ոճիրը՝ հերոսութեան հետ շփոթելով: Ասիկա ամբարտաւանութեան ծնունդներուն ամէնէն սոսկալին է, երբ ուրիշին վիշտը քեզի համար ուրախութիւն սեպուի:
Նեղ ու երկար վիզով շիշերուն մէջ շատ քիչ հեղուկ կ՛ամբարուի, որովհետեւ ատոր ընդհանուր չափին մեծ մասը ո՛չ թէ ամբարման պահեստն է, այլ բարձր ու նեղ վիզը: Նոյնն է նաեւ ամբարտաւանին պատկերը: Անոր ուղեղին մէջ ամբարելի տեղ շատ չկայ: Իսկ երբ ուզէ իր մտածածը ըսել, բարակ եւ երկար վիզ ունեցող շիշերու նման բարձր կլկլոցով՝ աղմուկով կ՛արտաբերէ իր «սիր-տին» պարունակութիւնը:
Ուրեմն, այս «շիշեր»ը ի՞նչ ընել: Եթէ համաձայնէին զարդարել տան մէկ անկիւնը, գէթ ծաղկաման իբրեւ, գոհացած պիտի ըլլայինք: Այսինքն՝ ինքնաճանաչողութեամբ ամուր փակէին իրենց բերանները, եւ լուռ մնային: Ուրիշներ արմատական լուծում կ՛առաջարկեն՝ ծովափի ժայռերուն վրայ նետելով փշրել զանոնք, ընդմիշտ ազատուելու համար անոնց անգործնական կամ ձեւական ներկայութենէն: Սակայն անոնց փշրուած ապակիներն իսկ կրնան վնասել, իրենց օրապահիկը հազիւ վաստկող խեղճ ձկնորսներուն՝ ճակտի քրտինքով իրենց համբաւը կերտող մարդոց, որոնք առտուընէ մինչեւ երեկոյ այդ ժայռերուն վրայ նստած պիտի սպասեն իրենց սակառին լեցուելուն:
Ինչքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար մինչեւ անգամ լայն բերանով պահածոյի շիշ ըլլալ՝ համեստ ծառայութեամբ մարդ, քան՝ բարակ ու երկար վիզով, նոյնիսկ թանկարժէք ոգելից ըմպելիի գեղակերտ շիշ, որուն ծառայութիւնը քիչ է, իսկ աղմուկը՝ շատ: