
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 Դեկտեմբերին կայացած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան եւ քաղաքական խորհուրդի միացեալ նիստին ընթացքին տրուած է երկու որոշում՝ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն անձնական թեկնածու չառաջադրել եւ չսատարել ոեւէ թեկնածուի։ Այս տեղեկութիւնները հրապարակուած են կուսակցութեան լրատուական ծառայութեան կողմէ։
«Այսօր՝ Դեկտեմբերի 12ին, տեղի է ունեցել ԲՀԿ խմբակցութեան եւ քաղխորհրդի համատեղ նիստ: Օրակարգում եղել է մէկ հարց՝ ԲՀԿ մասնակցութեան ձեւաչափը 2013 թուականին կայանալիք Հայաստանի նախագահի ընտրութիւններում: Բացման խօսքում ԲՀԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը յայտարարել է, որ չի առաջադրելու իր թեկնածութիւնը: Շնորհակալութիւն է յայտնել իր գործընկերներին՝ անվերապահ վստահութեան եւ աջակցութեան համար», նշուած է կուսակցութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: