ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտական ընդդիմութիւնը Կիրակի, Դեկտեմբեր 9ին դարձեալ մերժեց նախագահական պալատին մէջ համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի հրաւէրը:
Ժողովրդային հոսանքի ղեկավար, նախագահութեան նախկին թեկնածու Համտին Սուպահի Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն ներկայացուց նախագահ Մուրսիի՝ Փրկութեան ճակատի անդամներուն ուղղած երկխօսութեան հրաւէրը, ցուցարարներուն ձգելով ընտրութեան ազատութիւնը: Ցուցարարները բացագանչեցին. «Ժողովուրդը վարչակարգին տապալումը կ՛ուզէ», որմէ ետք Սուպահի յայտարարեց, թէ ինք եւ Եգիպտոսի Ազգային Փրկութեան ճակատի անդամները յանձնառու կը դառնան «եգիպտական յեղափոխութեան մայրաքաղաք» Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներու կեցուածքին, որուն հիման վրայ, նախագահին հետ երկխօսութիւն տեղի պիտի չունենայ եւ անոր հրաւէրին պիտի չընդառաջուի:
Մուրսի խոստացած էր ջնջել նախագահին յաւելեալ լիազօրութիւններ տուող օրէնքը, սակայն անշեղ մնացած էր նոր սահմանադրութեան հարցով Դեկտեմբեր 15ին հանրաքուէ կատարելու որոշումին վրայ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ յայտնեց, որ զօրավիգ կը կանգնի սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէին եւ կոչ ուղղեց Եգիպտոսի մէջ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարելու:
Կիրակի երեկոյեան, բազմահազար ընդդիմադիր ցուցարարներ, Եգիպտոսի նախագահական պալատին մօտ «կարմիր քարտ» նշանաբանով բողոքի ցոյց կատարեցին՝ պահանջելով նախագահին հեռացումը: Նախագահական պահակագունդը յաւելեալ ուժեր պահանջեց՝ դիմակայելու համար ցուցարարներուն կողմէ դէպի նախագահական պալատ յառաջանալու որեւէ փորձ, մինչ նախագահը քաղաքացիներ ձերբակալելու արտօնութիւն շնորհեց բանակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.