ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St.) տեղի պիտի ունենայ պատմագէտ Արմէն Այվազեանի նոր հատորին՝ «The Armenian Military in the Byzantine Empire» (Հայկական բանակը Բիւզանդական կայսրութեան մէջ) ներկայացումը:
Ելոյթներ պիտի ունենան հեղինակը եւ բեմադրիչ Ռաճըր Գուբելեան:
Հատորը նուիրուած է հայկական բանակին եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցած բարդ յարաբերութեանց քննարկումին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան ու «Արարատ» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.