
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նոյեմբեր 17ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հելին Զինտարզեանի «Ճանապարհ» խտասալիկի ներկայացումը, որուն ընթացքին յայտնի սոփրանօն ներկայացուց շարականներ եւ աղօթքներ՝ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Ծուխի հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց կատարողին եւ յատկապէս անոր ծնողներուն՝ Ըրլ Եւ Աննիկ Զինտարզեաններուն, որոնք հայկական շարականներուն հանդէպ սէր սերմանած են իրենց զաւակին մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ խտասալիկին մէջ ներառնուած «Հայ Մեր»ը կատարուած է Աննիկ Զինտարզեանի նոր մշակումով: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր պատուելի դոկտ. Ճորճ Լէյլեկեան:
Ձեռնարկի աւարտին եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Հելին Զինտարզեան շնորհակալութիւն յայտնեց խտասալիկն ու այս ձեռնարկը կարելի դարձուցած հովանաւորողներուն, բոլոր ներկաներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն: