
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Շարունակելով Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ սկսած «Կամուրջ դէպի ապագայ» աշխատանքը՝ ի նպաստ եկեղեցւոյ նոր համալիրի կառուցման, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, ծուխի հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Թաթուլեանի, ծխական խորհուրդի, տիկնանց միութեան, հոգաբարձութեան եւ ծուխի հաւատացեալներուն, տեղի ունեցաւ տարեկան երկրորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ Նոյեմբեր 10ի երեկոյեան, «Hilton La Jolla Torrey Pines» պանդոկին մէջ:
Երեկոյի բացումը կատարեց տեղւոյն պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Քիմպըրլի Հանթ, իսկ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ իր ոգեւորիչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Տէրտէրեան:
Սրբազան հայրը իր բարձր գնահատութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Քեթի Քասարճեանին, ինչպէս նաեւ յայտագիրի բոլոր մասնակցողներուն:
Հանդիսավար Հանթ իր սիրտի խօսքը ուղղեց հանդիսականներուն, որմէ ետք Քեթի Քասարճեան կենսագրական գիծերը կարդաց հանդիսավարին: Ներկայացուեցան պարեր, ապա տեղի ունեցաւ վաճառք՝ ղեկավարութեամբ Քիթ ՄըքԼէյնի:
Իր գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Թաթուլեան, իսկ փակման խօսքը կատարեց Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան:
Ներկաները իր երգերով խանդավառեց Ռապըրթ Չիլինկիրեան: Իսկ երեկոյի ականաւոր հիւրն էր Մերի Մըրֆի: