ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Դեկտեմբերին կայացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ հանրապետութեան շրջաններու կեդրոններու եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետներուն մասնակցութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան քաղաքներու բնական կենսագործունէութեան ապահովման, քաղաքապետարաններու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման առնչուած հարցեր: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է համայնքային տնտեսութիւններու գործունէութեան ճիշդ կազմակերպման վրայ:
Բակօ Սահակեան համապատասխան յանձնարարականներ տուած է ներկաներուն՝ առաջադրուած խնդիրները պատշաճ մակարդակով լուծելու եւ իրավիճակը քաղաքներուն մէջ բարելաւելու ուղղութեամբ: Միաժամանակ նախագահը կարեւոր նկատած է բոլոր հարցերու պարագային քաղաքներու միջեւ սերտ համագործակցութիւնն ու փորձառութեան փոխանակումը՝ ընդգծելով, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստ են մնայուն կերպով աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ գործընթացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.