ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին ձօնած է հայ գիրքին, հետեւաբար, բոլոր թեմերուն նման, Արեւմտեան թեմը եւս կ՛ընդառաջէ այս կոչին ու յատուկ ճիգ ի գործ կը դրուի, վեր առնելու համար հայ գիրքին արժէքն ու տեղը՝ մեր ազգային կեանքին մէջ, նոր սերունդի հայեցի աճումին մէջ։
Հայ գիրքի տարուան առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով եւ Ազգ. վարչութեան որոշումով, Ազգ. առաջնորդարանը լոյս ընծայեց ծանօթ մտաւորական ու բազմավաստակ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորները՝ «Ես Գիրք Եմ Հայերէն» եւ «Ողկոյզ»։ Առաջնորդարանը անցեալ տարիներուն հովանաւորած է բանաստեղծին մէկէ աւելի հատորներուն հրատարակութիւնը։
Այս հրատարակութիւններով առաջնորդարանը ոչ միայն գործնապէս ընդառաջած կ՛ըլլայ վեհափառ հայրապետի կոչին, այլ նաեւ հայեցի ու հայաշունչ ընթերցումի վայելք կը խոստանայ մեր ընթերցողներուն։
Մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել Ազգ. առաջնորդարան, (818) 248-7737 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.