ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջին անգամ ըլլալով Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, մասնակցութեամբ «Համայնքի բարի կամեցողութեան համախումբ»ի ու հետեւեալներուն՝ «Ambrosia«, «Anoush», «Arbat», «Impressions», «Metropol», «Palladio», «Renaissance», «Karoun Dairies», «Kalaydjian Hall/Ritz Celebration», Գոհաբանութեան օրուան առթիւ, առաջնորդարանի մէջ, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի մէջ բնակող աւելի քան 370 կարօտեալ անհատներու կամ ընտանիքներու ընթրիք բաժնուեցաւ: Ներկայ էին Պըրպենքի եւ Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամներ: Որոշուած է այս հիւրընկալութիւնը դարձնել տարեկան աւանդութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.