ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷԼԱԼԵԱՆ
Դարերու ընթացքին փաստուած իրողութիւն է, թէ այն ժողովուրդները, որոնք դադրած են ստեղծագործելէ դատապարտուած են ձուլուելու մերձակայ հարեւան՝ աւելի աշխոյժ մշակոյթներու, կամ երկիրներու մէջ:
Ուստի, շատ կարեւոր է «Խենթ» ու նուիրեալ անձնաւորութիւններու գոյութիւնը՝ փրկելու համար դէպի անկում սլացող մշակոյթները:
Հայ ազգը միշտ ունեցած է այդպիսի «Խենթեր», որոնք առանց որեւէ անձնական շահախնդրութեան, նուիրուած են իրենց ազգի մշակոյթի բարելաւման:
Կրնամ յիշել քանի մը անուններ, որոնք ժրաջան կ՛աշխատին ի նպաստ հայ մշակոյթի զարգացման՝ Զարեհ Մկրտիչեան, Վահէ Պէրպէրեան, Սիւզի Բարսեղեան, Եղիա Հաշոլեան, Գրիգոր Սաթամեան եւ շատ ուրիշներ: Իսկ ներկայիս՝ Պօղոս Շահմելիքեան, իր հրատարակած գիրքով՝ «Յիշատակներ, Անցած Օրեր» վերնագիրով:
Ինչպէ՞ս նկարագրել կամ ճշգրիտ ներկայացնել Պօղոս Շահմելիքեանը:
Պարզապէս համեմատել փորձառու եւ հմուտ պատմաբանի մը հետ, որ ունի երաժշտական անցեալ եւ ծով համբերութիւն, որպէսզի կարենայ մանրամասնօրէն ներկայացնել դէպքերը եւ անձերը ճշգրտութեամբ:
Եթէ Պօղոսը չյայտնուէր, Լիբանանի երաժշտասէր համայնքը զուրկ պիտի մնար իր անցեալի պատմութենէն: Ուստի շատ կարեւոր էր գիտակից եւ նուիրեալ անձի մը գոյութիւնը, որ իր պատմական արխիւային պաշարով կրնար նկարագրել Լիբանանի 60-70ական թուականներու հայ եւ օտար երաժշտական կեանքն ու պատմութիւնը՝ առանց եսասիրութեան, կողմնակցութեան եւ որեւէ ակնկալութեան:
Լիբանանցի երաժիշտին համար հանրածանօթ դէմք մըն է Պօղոս, որ ոեւէ մէկէն աւելի մօտէն ծանօթութիւն եւ բարեկամութիւն ունեցած է գրեթէ բոլոր հայ երգիչներուն եւ երաժիշտներուն հետ եւ պատմաբանի մը հմտութեամբ կրցած է նկարագրել այդ տարիները, տալ անոնց իսկական արժանիքները եւ պատմութեան յանձնել՝ փրկելով զանոնք մոռացութենէ:
Վարձքդ կատար սիրելի ընկերս: Գրիչդ միշտ դալար մնայ: