ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյլեմբեր 29ի յետմիջօրէին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, Պաղեստինը դարձաւ ՄԱԿի ոչ անդամ դէտի կարգավիճակով պետութիւն մը: Որոշումին թեր քուէարկեցին 138 երկիրներ, իսկ դէմ՝ 9 երկիրներ, ներառեալ Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու: Մնացեալ անդամները ձեռնպահ մնացին:
Հայաստան այս որոշումին ի նպաստ քուէարկող երկիրներէն մէկն էր:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ընդհանուր ժողովին առջեւ ըսաւ. «Մենք համոզուած ենք, որ միջազգային ընտանիքը «Երկու պետութեամբ լուծում»ը փրկելու վերջին առիթին առջեւ կը կանգնի: Պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարունակէ խաղաղութեան հաւատալ: Ժամանակը հասած է, որ աշխարհը յարձակումին, բնակեցումին եւ բռնագրաւումին յստակ կերպով «բա՛ւ է» ըսէ: Մեր նպատակը՝ խաղաղութեան հոլովոյթի ձեռնարկման վերջին առիթ տալն է: Միայն 1967ի հողամասերուն վրայ եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի ընդունինք ու պաղեստինցիք պիտի շարունակեն ժողովրդային խաղաղ դիմադրութիւնը»՝ աւելցնելով. «Կը պահանջենք, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը պաղեստինեան պետութեան ծննդեան վաւերագիրը հրապարակէ»:
Պաղեստինեան դիմումին դէմ պայքարած Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «ՄԱԿի մէջ Պաղեստինին ոչ անդամ պետութեան կարգավիճակի տուչութեան շուրջ քուէարկութիւնը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ»՝ աւելցնելով, որ այս քայլը պաղեստինեան պետութեան հաստատման հոլովոյթը պիտի ուշացնէ: Ան պնդեց, թէ Ապպասի կողմէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանուած խօսքը «թշնամական եւ թունալից էր»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւս յայտարարեց, որ Պաղեստինի ճանաչումը խոչընդոտ մը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանակցութիւններուն առջեւ։
Իր կարգին, ՊԱԿի ղեկավարներէն Հանան Աշրաուի անընդունելի համարեց շարք մը ամերիկացի քոնկրեսականներու յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտեն տասնամեակներով անիրաւուած կողմը՝ միաժամանակ պաշտպանելով բռնագրաւող ուժերը:
Իսրայէլ մտահոգ է յատկապէս այն հաւանակութեամբ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը այսուհետեւ կրնայ Իսրայէլի դէմ դատեր բանալ Միջազգային քրէական ատեանին մէջ:
Այս որոշումը Պաղեստինը անկախ պետութիւն դարձնելու ջանքերուն վրայ կարեւոր քայլ մըն էր եւ լուրը ցնծութեան ալիք բարձրացուց Պաղեստինի տարածքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.