
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ խօսնակ Եուետա Տօնոյեան յայտնած է, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափին մասին Գագիկ Ծառուկեան յայտարարութիւն պիտի կատարէ 1-5 Դեկտեմբերին՝ աւելցնելով, որ ճշդուած թուականի փոփոխութիւն կատարուած է։
Ըստ երեւոյթին, որոշումը յայտնելու ժամկէտի փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան հետ։