ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «armtoday.info».– «Ստեփանակերտի օդանաւակայանը միանշանակ կը գործարկուի», հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «armtoday.info»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ բանի կապուած է թռիչքներու յետաձգումը։
«Յետաձգումը պայմանաւորուած է տեխնիկական հարցերով: Երբ աշխատանքները աւարտուեն, եւ օդանաւակայանը պատրաստ լինի անընդհատ ռեժիով աշխատանքին, այդ ժամանակ կը սկսուեն թռիչքները», յայտնած է ան։
Իբրեւ անդրադարձ այն տեսակէտին, թէ համաշխարհային կեդրոններ նպատակ ունեն օդակայանը օգտագործելու իրենց սեփական շահերուն համար, մասնաւորաբար հակամարտութեան գօտի խաղաղապահներ փոխադրելու նպատակով՝ Միրզոյեան յայտնած է, որ օդակայանը օգտագործելու որոշումը վերապահուած է Արցախի իշխանութիւններուն, անիկա մարդասիրական բնոյթ ունի, այսինքն՝ որոշումը տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն ազատ ու հանգիստ երթեւեկը ապահովելու համար։
Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան գծով նախարարը դիտել տուած է, որ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքի յաւելման հիմնական պատճառները Ատրպէյճանի ռազմաշունչ հռետորութիւնն ու սադրանքներն են: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կողմնակիցներ են, միջազգային հանրութիւնը՝ նոյնպէս, եւ ամէն ինչ կախեալ է կողմերուն դիրքորոշումներէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.