ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Գէորգ Ստամբոլցեան կը հաղորդէ, որ, ըստ ռուս մասնագէտներու, վերջին 20 տարիներուն ընթացքին հայերուն թիւը կրկնապատկուած է Ռուսիոյ մէջ։
«Եթէ 1989ին հայերուն թիւը Ռուսիոյ մէջ 532 հազար էր, ապա 2010ին կատարուած մարդահամարի տուեալներով հայերուն թիւը արդէն հասած է 1 միլիոն 180 հազարի»: Այս տուեալները հրապարակուած են ժողովրդագրական խնդիրներու նուիրուած Մոսկուայի հեղինակաւոր հանդէսին՝ «Դեմոսկոպ»ի վերջին թիւին մէջ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի, Ճորճ Սորոսի հիմնադրամի եւ ՄԱԿի Ազգաբնակչութեան հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուող գիտական այս հանդէսը իր վերջին թիւը ամբողջութեամբ նուիրած է Ռուսիոյ բնակչութեան ազգային կազմի վերլուծութեան՝ արձանագրելով, որ որեւէ այլ ազգի ներկայացուցիչներու թիւը այդքան սրընթաց կերպով չէ աւելցած, որքան հայերունը:
Համեմատութեան համար նշուած է, որ եթէ 20 տարուան ընթացքին հայերուն թիւը Ռուսիոյ մէջ աճած է 650 հազարով, ապա ռուսներուն թիւը նոյն ժամանակաշրջանին նուազած է մօտ 9 միլիոնով, թաթարներունը՝ 250, իսկ հրեաներունը՝ շուրջ 400 հազարով: Ատրպէյճանցիներուն եւ վրացիներուն թիւը 1989 թուականէն մինչեւ 2010 աճած է Ռուսիոյ մէջ։ Սակայն այդ թիւերը, զգալիօրէն կը զիջին հայերու թիւի աճին դիմաց, արդարեւ, ռուսաբնակ ատրպէյճանցիներուն թիւը 20 տարուան ընթացքին աւելցած է 370 հազարով, վրացիներունը՝ 27 հազարով:
Արձանագրելով, որ հայերու թիւի կտրուկ աճը գաղթականութեան պատճառով է, եւ ոչ թէ ծնելիութեան բարձր ցուցանիշի դրսեւորումը՝ ռուս մասնագէտներ նկատել տուած են, որ Անդրկովկասեան երեք ազգերու ներկայացուցիչներուն մեծ մասը՝ շուրջ մէկ միլիոն մարդ, Ռուսիա տեղափոխուած են հիմնականօրէն 90ական թուականներուն: 2000 թուականէն ետք հիմնական ներգաղթողները արդէն Միջին Ասիոյ բնակիչներ էին: Այս չի նշանակեր, որ անդկովկասեան մեծ հոսքը վերջնականապէս դադարած է: 2008-2010 թուականներուն 50էն մինչեւ 100 հազար հայ ներգաղթած է Ռուսիա: Այսօր հայերը Ռուսիոյ մէջ բնակող ազգերուն կարգին իրենց թիւով կը գրաւեն 7րդ դիրքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.