
Համազգայինի «Սայաթ Նովա» Երգչախումբի Տարեկան Երկրորդ Համերգը
Հոկտեմբեր 13, 2012ին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբին երկրորդ տարեկան համերգին, աւելի քան 800 հոգինոց դահլիճը ծայրէ

ծայր լեցուն էր մշակութասէր հայերով, որոնք տեսան, ունկնդրեցին եւ կրկին ապրեցան մեր ազգի հայրենասիրական, ազգային, դասական եւ ինչու չէ՝ էսդրատային երգերը:
«Սայաթ Նովա» երգչախումբի գնահատագիր ներկայացնողը, բնականաբար, մեր մշակութասէր ժողովուրդը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ մենք. հանդիսատես ժողովուրդը իր ոտնկայս ծափահարութիւններու տարափին տակ տուաւ եւ հաստատեց իր գնահատագիրն ու արժեւորումը:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անդրդուելի ու յարատեւ աշխատանքի արդիւնք է՝ տարիներու վաստակ ունեցող երգչախումբերու շարքին տեսնելը տակաւին շատ երիտասարդ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը՝ ղեկաւարութեամբ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի:
Մասնաւոր գնահատանք կ՛ուզենք արձանագրել երգչախումբի ղեկավար եւ գրեթէ յայտագիրի բոլոր երգերու վերամշակող Նորա Ռումեան-Պայրամեանին, որ երկար օրեր եւ նոյնիսկ շաբաթներ տրամադրեց այն հսկայական աշխատանքին, որուն արդիւնքը հմայեց մեզ բոլորս եւ մեզ տարաւ դէպի Կիլիկիա, Վան, Երեւան ու սարերը մեր չքնաղ հայրենիքի:
Կը փափաքինք մեր գնահատանքը արձանագրել նաեւ մենակատար երգիչ-երգչուհիներուն.
Արտա Ռումեան-Սօսիկեանին (դասական երգերու վկայեալ մասնագէտ)՝ Տոլուխանեանի «Ծիծեռնակ» եւ Ալէմշահի «Իմ երգը» երգերով, որ իր ձայնային կարողութեամբ հմայեց բոլոր ներկաները. Հրաչ Թաշճեան, որ Մարտիկի երգով (զուգերգ Սօսի Իշխանեանի հետ) հրապուրեց ներկաները. Րաֆֆի Պայրամեան, որ իր «Հէլէ Հէլէ» երգով խանդավառեց բոլոր ներկաները. Էլսի Խաչատուրեանն ու Սարգիս Պաղիկեանը, որոնք «Հոպինա» երգով զուարճացուցին հանդիսատեսը. ինչպէս նաեւ՝ Թոնի Քէօսէեանը՝ «Լա Պոհեմ» երգով, Այլին Ամիրեանը՝ «Բարի Արագիլ»ով, Լուսինէ Զիրէքեանցը՝ ջութակի վրայ «Աղջկայ Պար»ով՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրէքեանցի, եւ «Գալինգա»ով՝ ընկերակցութեամբ թաւջութակահար Գառնիկ Թերզեանի ու մասնակցութեամբ երգչախումբին:
Վստահ ենք, որ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, իր ղեկավար Նորա Ռումեան-Պայրամեանի անխոնջ աշխատանքով,

«Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անվերապահ աջակցութեամբ եւ երգչախումբի բոլոր անդամներու զոհողութեամբ, շատ մօտ ապագային պիտի հասնի իր գագաթնակէտին:
————————————————————————————
Արտասանական Մրցոյթ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, առաջին անգամ ըլլալով որոշուած է կազմակերպել հայ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու միջեւ արտասանական մրցոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 20, 2013ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Ֆրեզնոյի Veterans Memorial Auditorium թատերասրահին մէջ։
Սոյն արտասանական մրցոյթին մասնակցողները պիտի ըլլան 16-30 տարեկան։ Մէկ արտասանութիւնը, որ պարտաւորիչ է բոլոր մասնակցողներուն, պիտի ըլլայ Դանիէլ Վարուժանի «Առկայծ Ճրագը»։ Իսկ երկրորդ արտասանութիւնը ազատ է, մասնակցողները իրենք կ՛որոշեն զայն, սակայն պայման է, որ անիկա ըլլայ հայերէն լեզուով։ Բոլոր մասնակցողները պիտի ստանան նիւթական նուիրատուութիւններ, իսկ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ մրցանակ շահողները պիտի ստանան տարբեր նիւթական գումարներ։
Կը խնդրուի սոյն մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողներէն, որ ամբողջացնեն ներքեւի կտրօնը եւ արագօրէն զայն ուղղարկեն իրենց բնակած շրջանի Համազգայինի վարչութեանց։
Կանխաւ շնորհակալութիւն,
Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան»
Մասնաճիւղի Վարչութիւն
————————————————————————————
Անուն Մականուն……………………………………………………………………….
Ծնողքի Անուն Մականուն…………………………………………………………..
Ծննդեան Թուական…………………………………………………………………….
Դպրոց, Դասարան եւ Ուսումնական Ճիւղ……………………………………..
…………………………………………………………………………………………………
Տան Հասցէ…………………………………………………………………………………
………………………………………………………………………………………………….
Հեռաձայնի Թիւ……………………………………………………………………………..
Ազատ արտասանութիւն եւ Հեղինակի Անուն…………………………………
……………………………………………………………………………………………………..
—————————————————————————————-
Երաժշտական Ձեռնարկ
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ երաժշտական ձեռնարկ մը, ուր ելոյթ պիտի ունենան երկու խումբեր՝ «Սթրինկզ Հարմոնի» եւ «Արմինիըն Փապլիք Ռետիօ»։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 9ին, Մարիամ եւ Գրիգոր Գարամանուկեան կեդրոնին մէջ, Կլենտէյլ։
Երկու խումբերը կազմուած են երիտասարդ երաժիշտներէ։
«Սթրինկզ Հարմոնի»ն նախապէս ելոյթ ունեցաւ՝ դարձեալ «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 8ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ։ Անիկա մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ մէկ ամիս ետք հրապարակի վրայ դրաւ իր առաջին խտասալիկը։ Երկու ամիս ետք այս խումբը դարձեալ ելոյթ ունեցաւ «Ֆորտ» ամփիդատրոնին մէջ։ Իսկ Դեկտեմբեր 9ին, անիկա պիտի միանայ «Արմինիըն Փապլիք Ռետիօ»ին, որ իր կարգին հրապարապեց իր առաջին խտասալիկը Յունիս 2012ին։
«Սթրինկզ Հարմոնի»ին մաս կը կազմեն Անդրանիկ Քզիրեան՝ ուտի վրայ, Վիք Մոմճեան՝ պէյս-կիթառի վրայ եւ Երուանդ Գալայճեան՝ ջութակի վրայ։ Քզիրեան նաեւ մաս կը կազմէ «Վիզա» նուագախումբին։
Իսկ «Արմինիըն Փապլիք Ռատիօ»ին մաս կը կազմեն Մհեր Աճէմեան, Սարօ Քուճաքեան եւ Ռէյ Տէմիրճեան։ Անոնք կը մեկնաբանեն հայկական ժողովրդական եւ դասական երգեր, ինչպէս նաեւ՝ իրենց յօրինումները։
Ելոյթին մաս պիտի կազմէ նաեւ Լոռի Շիրաճեանը՝ իր պարարուեստով։ Տոմսերը կարելի է ստանալ itsmyseat.com-էն, ելոյթին օրը՝ մուտքէն, կամ կապուելով մասնաճիւղին՝
htglendale@yahoo.com հասցէով:——————————————————————————————
Համազգայինի Միջվարչական Հանդիպում
Կիրակի, Նոյեմբեր 4ին, Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ, Փասատինայի Հայ կենտրոնի բացօթեայ տարածքում տեղի ունեցաւ
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հերթական Միջվարչական հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի մասնաճիւղերի վարչութիւնների եւ միաւորների վարիչ կազմերի:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռոժէ Խատարեան բարի գալստեան խօսքերով կատարեց Միջվարչական ժողովի բացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան հրաւէրը ընդառաջած եւ հեռու ու մօտիկ քաղաքներից ժամանած ընկերներին: Այնուհետեւ, հակիրճ կերպով ներկայացուեց Համազգայինի Շրջ. վարչութեան անցեալ ամիսների իրագործած աշխատանքները ու յառաջիկայ ծրագիրները:
Ներկայացուած զեկոյցի մասին կատարուած ներկաների հարցումներին պատասխանեցին Շրջ. վարչութեան ընկերները:
Միջվարչական ժողովը շարունակեց սպառել իր օրակարգը: Հակիրճ զեկոյզով հանդէս եկան Համազգայինի Կլենտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղը, Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը, Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը, Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Անի» պարախումբը, ինչպէս նաեւ Երաժշտական եւ Աւանդոյթներ միաւորները: Կատարուեց մտքերի փոխանակութիւն՝ Համազգայինի կազմակերպական հարցերի, մանաւանդ մեր շարքերում նոր աշխուժութիւն ստեղծելու, միութիւնը երիտասարդականացնելու եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայահոծ շրջաններում մշակութային կեանքի աշխուժացման հիմնահարցերի շուրջ:
Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հիւրընկալ «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի ամբողջովին երիտասարդ վարչական կազմի ելոյթը եւ եռանդուն աշխատանքի մասին զեկուցումը, որոնք արժանացան ներկաների գնահատանքին ու բուռն քաջալերանքին:
Բոլոր մասնաճիւղերն էլ ցանկութիւն յայտնեցին լուրջ քայլեր առնելու դէպի Համազգայինի շարքերում առաւել երիտասարդներ ներգրաւելու եւ հայ մշակոյթին ծառայելու իրենց ջահը մեր նոր սերնդին վստահելու ուղղութեամբ:——————————————————————————————–
Տեղեկութիւններու Համար Կրնաք Դիմել Հետեւեալ ՀասցէներինWebsite: http://WWW.Hamazkayin.net
Email: hamazkayin.westernregion@facebook.com
http://www.facebook.com/hamazkayin.westernregion104 N. Belmont St., Glendale, CA 91206