
Ուքրանացի քաղաքագէտ Միխայիլ Պելեցքի հետեւեալ խօսքերով արտայայտուած է հայկական Սփիւռքի մասին. «Հայ համայնքները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ զարմանալի առանձնայատկութիւն ունին: Մէկ կողմէ հայերը ներքին կապ կը պահպանեն պատմական հայրենիքին հետ, միւս կողմէ՝ ամուր կերպով կ՛արմատաւորուին նոր հայրենիքին մէջ, իրենք զիրենք զգալով իբրեւ այդ երկիրի քաղաքացիներ, աշխատելով յանուն անոր բարգաւաճումին: Անշուշտ, այդ մէկը հնարաւոր է միայն այն պարագային, երբ նոր հայրենիքը բաց է եւ հիւրընկալ անոնց հանդէպ»:
Ըստ Պելեցքիի՝ հանրայայտ է, թէ որքանով հայերը ներդաշնակ կերպով ընդելուզուած են այնպիսի երկիրներու կեանքին ու մշակոյթին, ինչպիսիք են Ռուսիան, Ֆրանսան, ԱՄՆը, եւ թէ որքան հայեր այնտեղ դարձած են գիտութեան ու մշակոյթի գործիչներ եւ ազգային հերոսներ:
«Շատ հին ժամանակներէն իր դռները հայերու առջեւ բացած է նաեւ Ուքրանիան: Ուստի, զարմանալի չէ, որ շատ մը հայերու դերը հոս նոյնպէս նշանակալից եղած է: Բաւական է յիշել Սերգէյ Փարաճանովի անունը: Այդ աւանդոյթի հիմքին մէջ նաեւ հայերու մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ քաղաքական կեանքին: Մաղթենք, որ Գերագոյն ռատայի նորընտիր հայ պատգամաւորները յիշեն ընտրողներու առջեւ իրենց պարտքին մասին: Անոնց կրնայ օրինակ ծառայել յայտնի իրաւապաշտպան, պատգամաւոր Հենրիխ Ալթունեանը», յայտարարած է քաղաքագէտը: