ՍԱՅՓՐԸՍ, Քալիֆորնիա.- Էլիզ Հայրապետեան մէկն էր Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ընտրուած այն երիտասարդներէն, որոնք արժանացան այս տարուայ Քոնկրեսի երիտասարդներու յատուկ ոսկեայ շքանշանին:
Շքանշանը հաստատուած է 1979ին, քաջալերելու համար յատկանշական իրագործումներու հասած երիտասարդներ. անիկա կը հովանաւորուի ոչ պետական ընկերութիւններու կողմէ, որոնց շարքին են՝ «Ֆետեքս», «Տիզնի» ու «Ճենըրըլ Տայմեմիքս»:
Էլիզ Հայրապետեան կամաւոր ծառայութիւններ մատուցած է յատկապէս երիտասարդներու եւ չքաւորներու օժանդակութեան ծրագիրներու գծով, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անկէ դուրս: Շարք մը ոչ հայկական կազմակերպութեանց կողքին, ան սպասարկութիւններ մատուցած է նաեւ Հայ աւետարանչական միութեան Ֆրէյժըր Փարքի ճամբարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Փարոս» մարդասիրական կազմակերպութեան, որ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Հայաստանի կարիքաւոր քաղաքացիներուն:
Հայաստանի մէջ, ան «Ֆուլըր» կազմակերպութեան հետ մասնակցած է Դաշտ գիւղին մէջ բնակարաններ կառուցելու աշխատանքին:
Շքանշանին արժանանալու համար, ան նաեւ մարմնամարզութեան մէջ կարեւոր իրագործումներ արձանագրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.