ՓԱՐԻԶ.- «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի աշխարհահռչակ «Լուվր» թանգարանին մէջ իսլամական արուեստին նուիրուած նորաբաց ցուցահանդէսը գայթակղութիւն ստեղծած է, որովհետեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն վերադարձնել հոն ցուցադրուող «գողցուած» արուեստի գործերը: Հարցը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն կաւէ ստեղծագործութեանց: Ըստ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն՝ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբի արուեստի գործերը «անօրինական ճամբով դուրս բերուած են երկրէն»: Թանգարանը կը յայտնէ, թէ թրքական կողմէն տակաւին պաշտօնական դիմում չէ ստացած: Ըստ թանգարանի մէկ աշխատակիցին՝ իսլամական արուեստի հաւաքածոն ձեւաւորուած է միջազգային արժեչափերու համաձայն եւ այս պատճառով ալ անհաւանական է, որ իրերը Թուրքիոյ վերադարձուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.