Վարչապետ Արա Յարութիւնեան ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Քաշաթաղի շրջանի կարեւորութեան անդրադարձած է եւ հաստատած, որ հող յանձնելու տարբերակ գոյութիւն չունի, այլ աշխատանք կը տարուի շրջանը բարգաւաճեցնելու եւ օժանդակելու հոն բնակութիւն հաստատածներուն։ Ան խոստովանած , որ տարբեր տեսակի մտահոգութիւններ կան բնակիչներուն մօտ, բայց եւ այնպէս բոլորը կը գիտակցին շրջանի կարեւորութեան։ «Մեզ կարծես թէ յաջողուել է կոտրել այդ կարծրատիպը. շրջանը սակարկութեան առարկայ չէ, այլ Լեռնային Ղարաբաղի մի մաս, որը պարտաւոր ենք զարգացնել»:
Խօսելով վերաբնակեցման առաջին տարիներուն շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած շուրջ 13 հազար բնակիչներուն մասին՝ Յարութիւնեանը նշած է, որ անոնցմէ շատեր շրջան եկած են տարբեր տեսակի ընկերային ծառայութիւններէ օգտուելու համար, որմէ ետք ձգած հեռացած են, իսկ «այսօրուայ բնակիչները նրանք են, ովքեր Քաշաթաղը համարում են իրենց եւ իրենց ընտանիքների հայրենիքը եւ պատրաստ են մնալ շրջանում՝ ցանկացած պարագայում»:
Արա Յարութիւնեանը յայտնած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ շրջանի զարգացման՝ այնտեղ աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով եւ բնակիչներու եկամուտի աղբիւրները աւելցնելով։
Անդրադառնալով բնակիչներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման՝ վարչապետը յայտարարած է, որ շինանիւթերու տրամադրման զուգահեռ անշարժ գոյքի համար արտօնեալ պայմաններով վարկաւորման ծրագիր պիտի գործէ շրջանին մէջ, ուր աշխոյժ կերպով պէտք է աշխատին նաեւ հիմնադրամներն ու դրամատուները:
Ամփոփելով շրջանին մէջ գործադրուող աշխատանքները՝ վարչապետը զանոնք չէ նկատած, քանի որ «Արցախի ֆինանսական հնարաւորութիւնները թոյլ չեն տալիս աւելի մեծ գումարներ ուղղել այդ շրջանին, իսկ բազմաթիւ խնդիրների լուծում չստանալու պատճառը դարձեալ ֆինանսական միջոցների բացակայութիւնն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.