(Թուրքիոյ Քաղաքական Առաջադրանքը Պարզ Է, Հայաստանի Եւ Հայութեան Թիրախը Ի՞նչ Է)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետը վերջերս, պետական բարձրագոյն մակարդակի մեծ պատուիրակութեամբ մը, այցելեց Գերմանիա եւ Պերլինի մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց երկրագունդի տարածքին կառուցուած թրքական մեծագոյն դեսպանատնային համալիրին։
Թրքական պատուիրակութեան Գերմանիա այցելութիւնը առիթ ծառայեց, որպէսզի ինչպէս վարչապետներ Էրտողան եւ Մերքել, նոյնպէս եւ գերմանական ու միջազգային մամուլի մեկնաբանները յատուկ քննարկման առարկայ դարձնեն, ընկերատնտեսական եւ աշխարահաքաղաքական առումներով, Թուրքիոյ շրջանային եւ միջազգային դերակատարութեան յարաճուն կարեւորութիւնն ու ապագայի առաջադրանքները։
Ինքնին շատ ընդգրկուն այդ քննարկումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն ըստ էութեան անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը անկասկած զգալի է։ Բայց անմիջականօրէն հոս, այդ բոլորին մէջ, ուշագրաւ է վարչապետ Էրտողանի բնորոշ յաւակնոտութեամբ կատարած այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն՝
– Թուրքիա արդէն նուաճած է աշխարհի 15րդ մեծ ու զարգացած տնտեսութիւնը ըլլալու տեղն ու արժէքը,
– Այսօրուան Թուրքիան իբր թէ արդէն առաջնորդող օրինակ ու ներշնչման աղբիւր դարձած է ժողովրդավարական եւ ազատ– շուկայական թեքումով իսլամական պետութիւն մը հիմնելու ուղին ընտրած մահմետականներուն համար,
– Արտաքին քաղաքականութեան համար իր որդեգրած՝ դրացիներու հետ «Զերօ հարցեր» ունենալու ռազմավարութեամբ, թրքական պետութիւնը իբր թէ յաջողած է Հիւսիս–Ատլանտեան դաշինքի ամէնէն բարեյոյս ներկայացուցիչը դառնալ հարաւ–արեւելեան Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի տարածքին,
– Թուրքիա այսօր կը խօսի Եւրոպական Միութեան ամէնէն մեծաթիւ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութեան անունով, որովհետեւ միայն Գերմանիոյ մէջ աւելի քան երկուքուկէս միլիոն են «թուրքեր»ը, իսկ նոյնքան թիւ մը «թուրքեր»ու ցրուած են եւրոպական միւս երկիրներուն մէջ։
Մեկնելով այս բոլորէն՝ վարչապետ Էրտողան կը յոխորտայ, թէ Եւրոպա ինք պիտի ըլլայ շահաւորը Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութենէն, որովհետեւ ի վերջոյ «բարգաւաճ տնտեսութեամբ եւ կայուն ժողովրդավարութեամբ» օժտուած իսլամական երկրով մը պիտի հարստանայ եղեր Եւրոպական Ընտանիքը…
Առ այդ, կէս յոխորտանքով եւ կէս ազդարարութեամբ Թուրքիոյ վարչապետը կ՛ակնկալէ Գերմանիայէն եւ Եւրոպան առաջնորդող միւս մեծ պետութիւններէն, որ 2023ին՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, իր աւարտին հասած ըլլայ Թուրքիոյ ամբողջական համարկումը Եւրոպական Միութեան մէջ։
Պարզ հայերէնով՝ Թուրքիոյ վարչապետը կ՝ազդարարէ, թէ իր երկիրը տնտեսական, կրօնական եւ ռազմաքաղաքական առումներով հաստատաքայլ կը յառաջանայ մեծապետական ուժի օսմանեան վարկը վերականգնելու ուղղութեամբ եւ Եւրոպա լաւ կ՛ընէ, եթէ մինչեւ 2023 ընդունի եւ ամրագրէ Թուրքիոյ կարեւորութեամբ մեծ ուժի մը լիարժէք անդամակցութիւնը աշխարհամասային այս մեծ ընտանիքին։
Եւրոպայի առաջատար երկիրները եւ յատկապէս Գերմանիան, անշո՛ւշտ, հալած իւղի պէս կուլ չեն տար թրքական այսօրինակ յաւակնութիւնները։
Վարչապետ Էրտողանի յոխորտանքներուն վերաբերեալ թէ՛ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն հատու պատասխաններ տրուեցան ու համապատասխան մեկնաբանութիւններ կատարուեցան։
Յատկապէս Սուրիական տագնապին մերօրեայ հրահրումին մէջ Թուրքիոյ ունեցած խնդրայարոյց միջամտութիւնը ամէն հիմք տուած է եւրոպական թէ միջազգային շրջանակներուն, որպէսզի մեծ հարցականի տակ դնեն այսպէս կոչուած «դրացիներու հետ Զերօ հարցեր» ունենալու Էրտողանի ռազմավարական յոխորտանքը։
– Սուրիան եւ անոր արաբական ինքնութեան ու շահերուն կողմնակից իսլամական աշխարհը արդէն վերապահութեամբ եւ դժգոհութեամբ կը հետեւին թրքական շարժումներուն։ Հետեւաբար, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ ՆԱԹՕի աչքին, Թուրքիոյ շրջանային դերակատարութիւնը աւելի հարցեր կը ստեղծէ, քան կը լուծէ։
– Իսկ Ռուսաստանն ու անոր ռազմավարական կողմնակիցները աւելի քան մտահոգ են, որ թրքական պետութիւնը՝ շրջանի իր դրացիներուն հետ «Զերօ հարցեր»ու հետամուտ ըլլալու փոխարէն, իր արտաքին քաղաքականութեամբ թրքական մեծապետական ախորժակներու հետապնդման վտանգաւոր սպառնալիքը կ՛աւելցնէ արդէն «վառօդի տակառ» նկատուող Մերձաւոր Արեւելքի տագնապին վրայ։
Եւրպան եւ մանաւանդ Գերմանիան հիմնաւոր վերապահութիւններ ունին նաեւ Թուրքիոյ տնտեսական մեծ ուժ ըլլալու յաւակնութեան նկատմամբ։ Գերմանիա փաստօրէն մեծագոյն գործակիցն ու հովանաւորն է Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մերօրեայ յարաճուն թափին։ Գերմանիա ոչ միայն թրքական արտածումներուն առջեւ բացուած մեծագոյն շուկան է, այլեւ թրքական ընկերութեանց մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումներով գլխաւոր խթանիչն է միջազգային շուկայ արտահանուող «թրքական» ապրանքներու որակին մրցունակութեան…
Կը նշանակէ, որ Թուրքիա կը փորձէ Գերմանիայէն իր ստացածին դիմաց՝ Գերմանիոյ պարտադրել թրքական տնտեսութեան ի նպաստ եւրոպական նախապատուութիւններ, որոնց ընդառաջումը խորքին մէջ կախեալ է ոչ այնքան թրքական, որքան գերմանական տնտեսութեան շահախնդրութիւններէն։ Այսինքն՝ Թուրքիան ինք է, որ կարիք ունի գերմանական աջակցութեան եւ ոչ հակառակը։ Հետեւաբար, Թուրքիոյ ձեռքին գտնուող խաղաթուղթը ոչ թէ տնտեսական իր զարգացման ուժականութիւնն է, որքան Եւրոպա հաստատուած թուրք եւ մահմետական զանգուածին վրայ ունեցած քաղաքական հակակշռի հաւանականութիւնը։
Այս բոլորին հետեւող ու հասկնալի ընդհանուր եզրակացութիւնը ա՛յն է, որ Թուրքիա հրապարակ կը նետէ իր հանրապետութեան հիմնադրման հարիւրամեակը 2023ին իբրեւ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ տօնելու քաղաքական առաջադրանքը, որուն յաջողութեան համար, սակայն, կը փորձէ խուսափիլ Եւրոպական Միութեան կողմէ իրմէ պահանջուած ներքին բարեկարգումներէն, փոխարէնը եւրոպական ու միջազգային հանրային կարծիքին ապակողմնորոշելով… ի նպաստ ազատ–շուկայական եւ իսլամ չափաւորական երկրի իր յաւակնութեանց քաղաքական վարձատրումին։
Կ՛ապրինք ու ստուգապէս կը տեսնենք, թէ Եւրոպան ու միջազգային ընտանիքը մինչեւ 2023 թուականը ինչպէ՞ս պիտի վարուին թրքական պետութեան հետապնդած քաղաքական այս առաջադրանքին հետ… Մանաւանդ այն առումով, թէ Եւրոպան ու միջազգային ընտանիքը լաւապէս կը գիտակցին, որ սեփական հանրային կարծիքին հաշիւ տալու իրենց պարտաւորութեանց շարքին օրակարգի վրայ ունին հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հարցը՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման ի խնդիր քաղաքական հանգուցալուծման հեռանկար մը բանալով։
Տասնամեակ մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ինք փորձեցին նոր էջ մը բանալ հայեւթուրք յարաբերութեանց հանգուցալուծման ուղղութեամբ՝ այսպէս կոչուած TARC I եւ TARC II (Թուրք եւ հայ հաշտութեան յանձնաժողովներ) անունով ծանօթ վիժած նախաձեռնութիւններով։
Իսկ երեք տարի առաջ, ամերիկեան հնացած ու ինքզինք սպառած նախաձեռնութիւնը իւրովի վերակենդանացնելու առաջադրանքով, Ռուսիան ու Եւրոպան նոր փորձ մը կատարեցին եւ կեանքի կոչեցին 2009ի տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները, որոնք պաշտօնապէս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուելէ ետք անգամ, մեռեալ տառ մնացին եւ հայեւթուրք միջ–պետական յարաբերութեանց բնականոնացման սայլը չկրցան իրենց մեռեալ կէտէն յառաջ շարժել։
Եւ այսօր, Հայաստան պաշտօնապէս կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը 2015ին համաշխարհային տարողութեամբ ոգեկոչելու յոբելեանին։
Իսկ Թուրքիա ահա կը հակադարձէ՝ 1923ին Քեմալի հռչակած եւ Լօզանի դաշնագրով միջազգային իրաւական ճանաչումի արժանացած Թուրքիոյ հանրապետութեան 100ամեակը պետականօրէն նշելու որոշումով, 2023ին, քաղաքական թիրախ ունենալով մինչ այդ Թուրքիոյ լիարժէք անդամակցութեան ապահովումը Եւրոպական Միութեան ընտանիքէն ներս։
Հայ քաղաքական մտքին համար մտահոգիչը ա՛յն է, որ Թրքական 100ամեակը պիտի ծառայէ Հայասպանութեան եւ թրքական տիրապետութեան ենթակայ այլ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանական ոճիրներու մեծ ուրացման «հիմնաւորում»ին։
Թուրքիա պետականօրէն պատրաստուած է արդէն ամէնուր եւ պատեհ թէ անպատեհ առիթներով կրկնելու Էրտողանի անձամբ հնչեցուցած այն յանկերգը, թէ թուրքը ոչ մէկ ցեղասպանութիւն գործած է եւ ոեւէ իսլամ, իր կրօնական հաւատամքով իսկ, չի կրնար նման ոճիր գործել…
Տակաւին երկու օր առաջ թրքական այս նոյն յանկերգը դարձեալ լսելի դարձաւ Նիւ Եորք նահանգի քաղաքներէն Troy City Council-ի այն որոշումին առիթով, ըստ որուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին տուեալ քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է Նահատակաց Յուշակոթող կառուցել։ Alabama.com կայքէջը, իր ընթերցողներու նամականիի բաժնով, Նոյեմբեր 6ին հրապարակեց թուրք մտաւորականի մը բողոքի նամակը նման յուշարձանի մը կառուցման քաղաքապետական որոշումին դէմ՝ առանցքային կարեւորութեամբ օգտագործելով Սպիտակ Տան ղեկավարներուն օգտագործած բառամթերքը, թէ «ենթադրեալ է» այսպէս կոչուած «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը…
Յայտնապէս թրքական պետութեան քարոզչական մեքենային ծառայելով՝ նոյն թուրքը իր նամակին մէջ հրապարակ կը նետէ թուրք պաշտօնական այն ուրացումներն ու չքմեղանքները, որոնց համաձայն՝ օրինակ, «հեղինակաւոր պատմաբաններ» վիճելի կը գտնեն եղեր Հայասպանութեան փաստին վերաբերեալ այլոց պնդումները…
Զարմանալի չէ, հետեւաբար, որ թրքական պետութիւնը ծրագրեալ աշխատանք կը տանի եւ իր առջեւ դրած է, համաշխարհային տարողութեամբ, մեծապետական ուժի իր երբեմնի դիրքին եւ կարեւորութեան քաղաքական վերահաստատումը։ Այդ զօրաշարժին մէջ պատրաստած է քարոզչական ու քաղաքական «անհրաժեշտ» զինանոցը, որպէսզի հետեւողականօրէն ուրանայ Հայասպանութեան փաստը։
Զարմանալին ու մտահոգիչը քաղաքական թիրախի բացակայութիւնն է հայկական պատասխանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական ու համահայկական ծրագրումին մէջ։
Տակաւին հետամուտ ենք առաւելագոյն հնչեղութեամբ աշխարհին յիշեցնելու եւ փաստելու, թէ 1915ին թրքական պետութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ գործադրեց Ցեղասպանութիւն, որ պէտք է ճանչցուի ու դատապարտուի քաղաքակիրթ մարդկութեան, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ Թուրքիոյ կողմէ։
Հայաստանն ու հայութիւնը դեռ չունին պետական քաղաքականութեան այն ծրագիրը, որ Թուրքիան պիտի դնէ հայ ժողովուրդին քաղաքական արդար հատուցում կատարելու պարտաւորութեան տակ, առաջին հերթին հայրենի մեր հողերը իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ պահանջատէր հայութեան վերադարձնելու միջազգային ճնշումը շարժման մէջ դնելով։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ