ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 26 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է ռազմական արդիւնաբերութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի ընկերութիւններուն կողմէ մշակուած եւ արտադրուած սարքերու ցուցահանդէս:
Ներկայացուած էին տասնեակ ընկերութիւններու արտադրական եւ փորձառական ցուցանմոյշներ, որոշ զինատեսակներ, զինամթերք, ղեկավարման համակարգեր եւ ծրագրային ապահովման նախագիծեր, ինչպէս նաեւ հանդերձանքի եւ պահեստամասերու մեծ տեսականի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.