ԹԱԼԻՆ ԱՇԻՔԵԱՆ
«Հայ Քաջ Տօ»ն հիմնուած է 1989ին Համպուրկի Հայ միութեան օճախէն ներս՝ շիհան (փորձառու վարպետ) Միհրան Աղուինեանի կողմէ:
«Հայ Քաջ Տօ», կը նշաշակէ՝ հայ քաջին ուղղութիւնը, այսինքն սոյն մարզասրահէն ներս հայ մարզիկը կը կոփուի ու կը դաստիարակուի հայ քաջերու՝ հայ հերոսներու ճամբով:
«Հայ Քաջ Տօ»ն (ՀՔՏ) Լոս Անճելըսի մէջ կը գործէ աւելի քան 13 տարիներէ ի վեր, ծառայելով հայ մանուկին, հայ պատանիին եւ հայ երիտասարդին: Ներկայիս ՀՔՏն ունի չորս կեդրոններ՝ Կլենտէյլի, Մոնթեպելլոյի, Հոլիվուտի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի (մայր կեդրոն) մէջ:
2012 տարեշրջանը յիշատակելի է ՀՔՏի պատմութեան մէջ: Այս տարի բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրեցինք:
Մարտ ամսուն համաշխարհային կանանց տօնը կը նշուի: Այդ գաղափարով ներշնչուած, «Հայ Քաջ Տօ»ի հիմնադիր եւ գլխաւոր մարզիչ շիհան Միհրան Աղուինեան Լոս Անճելըսի Հայ գաղութին իգական սեռին անգամ մը եւս հրամցուց ոսկի առիթներ՝ ներկայացնելով կիներու ինքնապաշտպանութեան դասընթացքներ: Շիհան Աղուինեան համաշխարհային ճանաչում եւ յարգանք վայելած մարտարուեստի մեծ վարպետ է: Սոյն գործընթացներու հասոյթները լիովին յատկացուեցան ոչ շահութաբեր հայկական կազմակերպութիւններու:
Դասընթացքը շնորհեց ինքնավստահութեան, տարրական ինքնապաշտպանութեան թեքնիքներու եւ գիտելիքներու հարուստ պաշար մը բոլոր մասնակցողներուն: Իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հայ գաղութը եւ հայ կանայք զերծ չեն վայրագ արարքներու թիրախ դառնալէ: Հետեւաբար «նուազագոյն պատրաստուածութիւնը ունենալը կրնայ կանխարգիլել փորձանք մը», կը մէջբերէ վարպետ Աղուինեան: Ներկայիս, կանայք յատկապէս, զոհը կը դառնան բազմատեսակ վայրագութիւններու, ճիշդ կ՛ըլլայ պատրաստ ըլլալ, դիմագրաւելու նման իրավիճակ մը, քան թէ անակնկալի գալ եւ կամ ինքնախափէութեամբ հաւատալ, թէ «մեզի չի պատահիր»:
Մայիս 2012ին ՀՔՏի մեծ ընտանիքը շաբաթավերջ մը անցուց «Ռայթուուտ» բանակավայրին մէջ, կրտսերներու սեւ գօտիի քննութեան Գ. հունձքը պատրաստելու համար, 3 օրերու տեւողութեամբ: Աւելի քան 150 ներկաներ, բաղկացած ծնողներէ, բարեկամներէ, ընկերներէ եւ համակիրներէ, ականատես եղան, թէ ՀՔՏն ինչպիսի՛ բարձր չափանիշներ որդեգրած է իր մարզիկները սեւ գօտիի արժանացնելու նպատակաւ: Շիհան Աղուինեան յաճախ ելոյթներուն ընթացքին յայտարարեց. «Այն ինչ, որ դժուարութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով կը ստացուի, աւելի արժէքաւոր կը դառնայ»:
Ուրբաթ օր, կրտսերներու սեւ գօտիի դասընթացքին մասնակցող 10 պատանի-պարմանուհիները յանձնեցին գրաւոր քննութիւնը, որ բաղկացած էր քանի մը տասնեակ հարցումներէ, որոնք կը վերաբերէին մարտարուեստի պատմութեան, բառագիտութեան եւ մարզատեսակներուն: Աւելի ուշ, մասնակից մարզիկները անհատաբար ներկայացուցին իրենց ընտրած հայ հերոսներուն կենսագրականը, նշելով այդ անձին կարեւոր դերը մեր պատմութեան մէջ եւ թէ ինչո՞ւ ընտրած է ներկայացնել այդ անձը յատկապէս:
Շաբաթ օր, մարտական թեքնիքներու, եոկայի, մարտարուեստ ուսուցանելու կարողութեան, կէտային կռուի, գօտեմարտի եւ գետնի կռուի քննութիւններն էին:
Կիրակի առաւօտեան քննութիւնը սկսաւ 5 մղոն վազքով: Հարկ է նշել նաեւ, թէ սոյն թեկնածուներուն կողքին սովորական գօտիի քննութեան մասնակցեցան ՀՔՏի 4 կեդրոններու այն մարզիկները, որոնք պատրաստ էին քննութեան: Տարիքի կարգով մարզիկները ամբողջացուցին 3, 4 եւ 5 մղոն վազքի քննութիւնը «Ռայթուուտ»ի գեղատեսիլ բլուրներուն վրայ: Հիանալի էր տեսնել, թէ ինչպէս մեծ ու փոքր, ծնողք կամ բարեկամ զիրար կը քաջալերէին յաջողութեան հասցնելու համար վազքի մասնակից մարզիկները:
Ապա, պահը հասաւ բանակավայրի անտառներուն եւ բլուրներուն մէջ կամքի եւ դիմացկունութեան չափանիշները որոշելու:
Կիրակի երեկոյեան քննութիւնը հասաւ իր աւարտին, բարեբախտաբար առանց լուրջ վիրաւորներ ունենալու: Գօտիներու բաշխման արարողութիւնը բոլորին համար ալ շատ յուզիչ էր եւ տպաւորիչ: Հրաշալի մթնոլորտ կը տիրէր բանակավայրին մէջ: Տասը մարզիկներն ալ փաստեցին թէ ինչքան մեծ արժէք ունի ՀՔՏի գօտիին արժանանալը:
Յոգնած, վիրաւոր, անօթի… բաւարար պատճառներ չէին կրնար անոնց կամքը թուլացնել: Արժանի էք բարձրագոյն գնահատանքին սիրելի մարզիկներ:
Յիշուելու արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը, որ բոլոր ներկաները մասնակից դարձան կամաւոր ծնողք Թալին Աշիքեանին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը ընդգրկող զրոյցին: Չափազանց տպաւորիչ եւ հպարտանալի երեւոյթ էր ժամերով լսել կրտսերին ու մեծին, ծնողքին ու մարզիկին, եւ գիտակցիլ ու զգալ հայու շունչը, եւ թէ այո՛ հայ սերունդը այստեղ ոտքի կանգնած է, հայու ոգին կը թեւածէ ամէնուրեք, հայ մարզիկը քաջածանօթ է իր պատմութեան:
Յունիս 2012, ՀՔՏէն խումբ մը մարզիկներ, աւագ եւ կրտսեր, ծնողներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Լաս Վեկաս:
Այնտեղ ամէն տարի մարտարուեստի համաշխարհային մրցաշարք կը կազմակերպուի վարպետ Սէեն Ուիցի ջանքերով: Սոյն մրցաշարքերը 1996էն սկսեալ, 3 օրուայ տեւողութեամբ տեղի կ՛ունենան եւ կ՛ընդունին մօտաւորապէս 3000 մասնակիցներ: Այս տարի ՀՔՏն ներկայացաւ 29 մարզիկներով եւ նուաճեց 14 Ա. կարգի, 16 Բ. կարգի եւ 7 Գ. կարգի ախոյանութեան բաժակներ, մասնակցելով կէտային հարուածներու, շարունակական կռուի, խառն մարտարուեստի թեքնիքներու եւ գետնի կռուի տարբեր բաժանումներուն:
Սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն, ՀՔՏի նման հայկական միութիւններու աշխատանքները շատ բարձր գնահատելի են, հայ պատանիին եւ երիտասարդին ապահով եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալու կարեւորագոյն դերը կատարելնուն համար:
Վարձքը կատար բոլոր կամաւոր օգնականներուն: Շնորհաւոր «Հայ Քաջ Տօ»ի մարզիկներ: