ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12ի երեկոյեան առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսը, համեմուած՝ Աթանեան արուեստի դպրոցի սաներու նկարներով:
Օրուան հանդիսավար Հրաչ Սեփեթճեան կատարեց բացման խօսքը, շեշտելով հայ առաջին գիրքի հրատարակութեան 500ամեակի կարեւորութիւնը եւ հայ գրականութեան զարգացումը:
500ամեակին նուիրուած եւ լուսաբանիչ տեսաերիզի մը ներկայացումը կատարեց Վահէ Սարգսեան: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Վլատիմիր Աթանեան, իսկ «Ուրբաթագիրք»ը սքանչելի կերպով ներկայացուց Հայկ Մատոյեան:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, յայտագիրի մաս կազմողները եւ յատկապէս իր հիացումը յայտնեց Աթանեան արուեստի դպրոցի սաներու նկարներուն մասին եւ քաջալերեց, որ անոնք նոր տեսիլքով շարունակեն իրենց աստուածատուր արուեստի տաղանդները: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ հայ վաժարաններու ուսանողութեան կողմէ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ճոխ յայտագիրին: 500ամեակի առթիւ, առաջնորդարանի կողմէ հրատարակուած էր «Ուրբաթագիրք»ի գրաբար բնագիրը՝ արեւելահայերէնի թարգմանութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.