
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն «Ակօսի»ի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանը մեր գաղութը կ՛ացելէ: Երկու անգամ առիթ ունեցանք հանդիպելու Հրանդ Տինքի նահատակութեամբ միջազգային հռչակ շահած թերթի խմբագիրին, առաջինը՝ «Ապրիլ» գրատան մէջ, շրջանիս այլ հայկական թերթերու խմբագիրներու հետ միասին, իսկ երկրորդը՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրատան մէջ, տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի ընկերակցութեամբ:
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ մեր զրոյցը, աւելի ճիշդ՝ մեր պաշտօնակիցին զեկոյցը, պատմութիւնը, խօսքերը, նոր ծալքեր բացին մեր առջեւը՝ Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեր հայրենակիցներու առօրեային մասին:
Կասկած չկայ, որ ազգային աւանդութիւններու պահպանման առաքելութեան լծուած հայկական միւս երկու թերթերուն՝ «Մարմարա»ի եւ «Ժամանակ»ի կողքին, «Ակօս»ը իւրայատուկ դեր մը ստանձնած է թէ՛ հայկական իրականութեան եւ թէ թրքական յառաջադէմ շրջանակներու մէջ: Հայկական իրականութենէն ներս «Ակօս» կը կատարէ ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը քննական ակնոցով ներկայացնելու աշխատանքը, իսկ թրքական յառաջադէմ շրջանակներուն կը տրամադրէ բեմ մը, ուր անոնք խիզախօրէն կ՛անդրադառնան Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ցաւագին այլ երեսներու:
Սերոբեան խանդավառութեամբ խօսեցաւ Պոլսոյ մէջ յայտնուող գիտակից եւ իրենց հայկական արմատներուն վերադարձող երիտասարդներու մասին, որոնք ինքնավստահ են, բացուած՝ իրենց շրջապատին, ազատ ու կազմակերպական տաղանդով օժտուած:
Սերոբեան, սակայն, մտարհոգութեամբ արտայայտուեցաւ ազգային կառոյցներու վիճակին եւ յատկապէս հայերէնի նահանջին մասին:
Սերոբեան անօրինակ ջերմութիւն փոխանցեց, երբ պատմեց դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր շրջագայութիւններուն մասին:
Մենք դեռ առիթ պիտի ունենանք դարձեալ հանդիպելու «Ակօս»ի խմբագիրին, այս անգամ՝ «Հորիզոն»ի եթերէն, գալիք Չորեքշաբթի երեկոյեան, ժամը 7:30ին: