ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Հալէպի պատերազմական դոհ ու բոհին մէջ, երբ մարդիկ սարսափած կը քաշուին իրենց տուները, կամ իրենց ընտանիքին ապահովութիւնը գերադաս համարելով կը հեռանան երկրէն, հալէպահայ խիզախ տղաները նուիրումի մեծագոյն օրինակը կու տան:
Այս դժնդակ օրերուն մէջ, մինչ ոմանք, յայտնի պատճառներով, կանխազգուշութեան կը դիմեն, եւ երբեմն իրատեսութեան սահմանները անցնելով սուրիահայութիւնն ու անոր բազկերակը հանդիսացող

Հալէպը յուսալքումի առաջնորդող տողեր կը գրեն այս կամ այն թերթին մէջ, մեր ազգասէր, խիզախ տղաները « բանիմաց» վերլուծաբաններու արտայայտութիւններով տարուելու փոխարէն, ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուելով՝ կը գործեն ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին:
Յաւակնոտ չեն հնչէր այս տողերը բոլոր անոնց համար, որոնք ներկայ կ՛ըլլան այստեղ ու Սուրիոյ բռնկուն կրակին մէջ կը տեսնեն մեր խիզախ հայորդիներուն կամաւոր աշխատանքը տարբեր մարզերու մէջ՝ առողջապահական, սննդեղէնի մատակարարման, պատերազմէն տուժող անպատսպարներու օժանդակութեան ու տակաւին Ազգ. ծերանոցի ծերերուն, ու Պատսպարանի սաներուն ապահով երդիք մը գտնելու նկրտումներուն մէջ:
Մեր արի տղաներն են, որոնք տուն ու ընտանիք թողած կը հսկեն հայկական թաղերը, կը վտանգեն իրենց կեանքը, պահպանելու համար մեր հաստատութիւնները, եկեղեցիները, դպրոցներն ու բնակիչները:
Ռմբագնդակներու տեղատարափին տակ, պատերազմի հարուածներուն կուրծք տուած կը հասնին անկարին, վիրաւորին, աղէտեալին, կ՛ամոօքեն անոնց վիշտը՝ ապրելու, տոկալու յոյս ներշնչելով բոլորին:
Նոր Գիւղի վատագոյն բախումներու ժամանակ իսկ ներկայ են անոնք հայկական թաղամասերուն, եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն մէջ: Ներկայ են ու ինչեր ըսես չեն ըներ մեր տղաքը, վիրաւորներ կը փոխադրեն, հրկիզուող բնակարաններէ բարձրացող բոցեր կը մարեն, կեանքեր կը փրկեն, հայկական թաղամասեր կը մաքրեն, անպատսպար ընտանիքներու օգնութեան կը փութան ու հայկական բնակարանները կը պաշտպանեն պատերազմական քաոսին մէջ յայտնուած աւազակներէն: Այս բոլորը յանձն կ՛առնեն լուռ, լուսարձակներէ հեռու, համեստութեամբ, որպէսզի հայ համայնքը պատերազմի դառնահամ «պտուղներ»ուն նուազագոյնը ճաշակելով, կրկին ոտքի կանգնելու կամքը ամրակուռ պահէ իր մէջ:
Երիտասարդ ու գարուն կեանքի սեմին կանգնած մեր տղաներն են, որոնք պատերազմի արհաւիրքէն փախչելու ու իրենց ապագան այլ երկիրներու մէջ որոնելու փոխարէն, նախընտրեցին մնալ ու մաքառիլ՝ մեր գաղութին, մեր գալիքին համար:
Յարգա՜նք ձեզ, արի՛ տղաներ.
Ձեր յոգնած դէմքերն ու անքնութենէ կարմրած աչքերը վհատութիւն չեն ճանչնար: Ձեր անվախ հայեացքներուն ու համեստ պահուածքին մէջ՝ մեր ապրելու գրաւականն ու խաղաղասէր ոգին կ՛արտացոլայ: Ու այսօրուան փրկարար ձեր ձեռքերը, կը հաւատա՛նք՝ մեր վաղուան շինարար բազուկները պիտի դառնան:
Յարգա՜նք ձեզ, խիզախ տղաներ: