ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երկիւղի կամ վախի զգացումը այնքան իւրայատուկ է, որ կարելի չէ՛ զանազանել այլ զգացումներու կամ հոգեվիճակներու հետ: Վախին բերած ապրումները, յատկապէս անորոշութեան հետ առնչուած մտահոգութիւնները,

երեւակայութեան հսկայ աշխարհը կը բանան վախցող անձին դիմաց, ուրկէ ներս մտնելով, իր գոյութիւնը պահպանելու ուժ կ՛ունենայ ան միայն, հազի՜ւ կարենալով ոտքերուն վրայ կանգնած պահել իր մարմինը:
Վախի ամէնէն զօրեղ վայրկեանը՝ վախճանի դէմ յանդիման գտնուելու միջոց կը նկատուի: Ատրճանակի փողին ետին լարուած ձգանին վճռական նշանառութեան դիմաց, հաստատամիտ ոսոխին վրէժխնդրութենէն աւելի, նոր բացուելիք կեանքի անորոշութեան մասին կը մտածէ մահուան թակարդին մէջ բռնուած անձը, եւ ատիկա շատ աւելի կը սարսափեցնէ զինք:
Վախճանի հետ կապուած ամէն տեսակի վախերն ալ սակայն, աւելորդ են, որովհետեւ պատահականութիւնները այնքան շատ են այս կեանքի մէջ, որ կրնայ մետասաներորդ ժամուն վախի զգացումը փոխուիլ ուրախութեան զգացումի: Ուրիշ խօսքով, շատ վախնալու կարիք չունի մարդ, որովհետեւ ճակատագրուած չէ՛ այս կամ այն վիճակին մատնուելու առ յաւէտ: Ատիկա երկարմատեան վարդապետութեամբ կրօններու ուսուցումն է, երբ ամէն մարդ սկիզբէն ճակատագրուած կ՛ըլլայ իր վախճանին: Կեանքը փոփոխական է եւ անակնկալներով լեցուն: Անիկա կացութիւններու դիմաց նոր կերպարանք ստացող իրականութիւն է:
Կենդանիները դեռ երկար ժամանակ առակներու ճամբով օրինակ պիտի ծառայեն մարդկութեան: Անոնց բնազդային բնաւորութիւնները եւ Արարիչին կողմէ անոնց տրուած տեսակաւոր կարողութիւնները յաճախ կը համեմատուին մարդկային բնաւորութեան ու նկարագրի այս կամ այն գիծին հետ, կամ գովաբանելու համար մարդը, կամ ալ պախարակելու համար զայն: Երբեմն մարդուն յոռի սովորութիւնները սրբագրելու համար, անոր թերութիւնները առակագիրներ կը համեմատեն այդ սովորութիւնը բնազդաբար ունեցող այս կամ այն չորքոտանիին, սողունին, թռչունին, ծովային կենդանիին թէ միջատին հետ: Երբեմն ալ, փոխյարաբերական կեանքի լաւ օրինակ ծառայողները պանծացնելու համար, նման մարդիկը առակագիրներ կը համեմատեն այնպիսի անասուններու հետ, որոնց ապրած նոյնիսկ անգիտակից կեանքը լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ մարդ էակին:
Օձը, օրինակ, զզուելի կենդանի է, որ հաւատացեալներուն համար նոյնիսկ սատանայի խորհրդանիշ իբրեւ ընդունուած է, համաձայն Աստուածաշնչային տուեալներու: Սակայն, օձն ալ, համաձայն առակագիրներուն, ունի իր «տկարութեան պահեր»ը: Այսպէս, երբ ան շատ ծանր կերած է, այսինք տակաւին իր որովայնին մէջ չէ՛ մարսուած այն որսը, որ նոյնիսկ շատ է իր ստամոքսի չափին համար, տկար վիճակի մէջ կը գտնուի՝ շարժելու անկարող, եւ այդ պահուն շուտով կը բռնուի կամ կը սպաննուի:
Կերուխումով ու գինարբուքով յղփացած մարդիկ ալ նոյն կացութեան կը մատնուին, մինչեւ անգամ թմրելով ու խոր քունի անցնելով, երբ չափէն աւելի կերած ու խմած են: «Ուտել» ու «խմել» բայերը, կամ «յղփանալ» բայը, փոխաբերական բազմաթիւ իմաստներով կարելի է հասկնալ, յատկապէս շփացած մարդոց իրավիճակին հետ համեմատելով զանոնք: Ոմանք իրենց համբաւով կը յղփանան, ուրիշներ նիւթական հարստութեամբ, երրորդ տեսակները՝ ինքնաճանաչումի գիտակցութեան պակասէն: Մէկ խօսքով մարդկային «տկարութեան պահեր»ը շատ աւելի տեսականի ունին, քան թշուառական օձին ունեցած մի քանի տեսակ «տկարութեան պահեր»ը: Վերջինիս «տկարութեան պահեր»ուն առաջինը եթէ քիչերու հանդիպած երեւոյթ է, սակայն երկրորդին շատ կարելի է հանդիպիլ, երբ յատկապէս անապատային ճամբաներով ինքնաշարժի ճամբորդութիւն կատարենք: Յանկարծ ճամբու կիսուն կը յայտնուի իր ուղղութիւնը կորսնցուցած օձ, եւ նախզգալով սուրացող ինքնաշարժին բերելիք վտանգը, ա՞ջ թէ՞ ձախ սողալ կողմորոշուելու դժուարութեան կը մատնուի, եւ քառավազ անիւներէն մէկուն կամ միւսին տակ կը ճզմուի, իբրեւ այդ ճամբու օրուան զոհը: Ուրեմն, օձի «տկարութեան պահեր»ուն երկրորդը, անոր շուարիլն է, որուն գինը ան կը վճարէ մարդոց կոխկռտած ճամբաներուն վրայ, այդ ճամբաներուն հաւասարելով:
Առակագիրներուն կողմէ օգտագործուող երկրորդ օրինակը, շան կերպարն է: Շատ քիչ անգամ քոսոտութեամբ ներկայացուող ընտանի այս կենդանին, իր տիրոջ նկատմամբ միշտ հաւատարմութեան խորհրդանիշ եղած է: Սակայն կը պատահի նաեւ որ շունն ալ ներկայացուի իբրեւ անպէտ արարած: Սա առակագիրներու արթուն միտքին ու ճարտար գրիչին արդիւնքը կարելի է նկատել, երբ միեւնոյն կենդանին, իր բնորոշիչ դրական ու ժխտական յատկութիւններու շրջագիծին մէջ նկատի ունենալով, առանց մէկը կամ միւսը տկարացնելու, ընթերցողին տպաւորութիւնը մէկէն շեղելով, միւսին կ՛ուղղեն: Այս կենդանին տարիքի մէջ յառաջանալով, ծերացած մարդ արարածին նման, տարօրինակ արարքներ կը գործէ: Տեսնուած է նաեւ, որ երբեմն անոր տէրը եւ խնամողները փայտեր առած կը հալածեն զայն, դուրս քշելու համար իրենց սահմաններէն: Առածը կ՛ըսէ, «Շունը երբ գիտնայ, թէ ալ զինք պիտի սպաննեն, փախուստի դիմած միջոցին, մզկիթի պատին կը միզէ»: Սա՛ ալ տկարութիւն պէտք է նկատել, եւ ո՛չ թէ գիտակից արարք, որովհետեւ մարդկային կեանքի մէջ անարգական ամէն արարք, բարկութեան կամ մտային հաւասարակշռութեան պակասի կը վերագրուի յաճախ:
Իմաստասիրութեան պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ յունական փիլիսոփայութեան նախահայր Սոկրատ երբ զգար թէ բարկութեամբ պիտի գրգռուի, իսկոյն կը սկսէր ցած ձայնով խօսելու…: Բերանդ երբ փակես, բարկութիւնդ չի՛ սաստկանար: Սոկրատ իր իմաստասիրող միտքով վստահաբար կը զանազանէր լաւը վատէն, բարին չարէն, եւ իր անձին վրայ յաղթանակ տանելով, կրցաւ զգալ մեծ մարդ ըլլալու գերագոյն հաճոյքը:
Առակագիրներու բերած զոյգ օրինակները՝ օձին շուարումն ու շան սպաննուելու վախը, երկու տարբեր վախճաններու կը հասցնեն այդ երկուքը: Մէկը միւսէն բախտաւոր չէ՛ անշուշտ, որովհետեւ երկուքին ալ մահ կամ կործանում կը սպասէ: Երկրորդի պարագային, թաղիքը գետ նետող գիւղացիի անվնաս արարքէն տարբեր, անարգական վերաբերումն է, որ իսլամական կրօնքի հետեւորդներուն ոխը պիտի արթնցնէ, եւ իրենց աղօթավայրի պատին միզող անասունը սպաննելու աւելի խիստ ու դաժան միջոցներ գտնելու պիտի մղէ զանոնք:
Վախճանի մասին մտածելու պահուն, միշտ պէտք է դրական պատկեր ուրուագծել մեր մտապաստառին դիմաց: Այս կեանքէն ելքի մասին եթէ ըլլայ այդ վախճանը՝ պէտք է դիմացի կողմը յստակ երեւի արքայութիւնը: Ա՛յս է «բարի վախճան»ը: Իսկ եթէ սովորական կեանքի երեւոյթներու համար վախճանի մասին մտածենք, ինչքա՜ն աւելի ուրեմն պէտք է բարի ըլլայ իւրաքանչիւր դէպքի վախճանը, որպէսզի վերջնական վախճանին բարի աւարտը ապահովուի…: