
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 17ին հիւրընկալած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող «Պոէզիայի (բանաստեղծութեան-Խմբ.) միջազգային փառատօնի խումբ մը մասնակիցներ:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախի մէջ չափազանց կարեւոր կը համարեն նման ձեռնարկներու իրականացումը, որ լաւ հնարաւորութիւն է տարբեր երկիրներու հետ մշակութային ոլորտի մէջ կապերու հաստատման եւ ընդլայնման, Նաեւ Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու համար:
Հիւրերուն խնդրանքով երկրի ղեկավարը ներկայացուցած է Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները ու պատասխանած անոնց հարցումներուն:
Հանդիպման մասնակցած են ԼՂՀ Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: