«Սիվիլիթաս» հիմնադրամը հաղորդագրութիւն մը տարածած է՝ ներկայացնելով Հանթսմաններու նամակին հայերէն թարգմանութիւնը: Նախապէս, որոշ լրատուամիջոցներու մէջ լուր տարածուած էր, թէ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը կը թաքցնէ կանոնադրական նպատակներու իրականացման համար բարեգործ Ճոն Հանթսմանի յատկացուցած գումարներուն վերաբերեալ՝ Հանթսմաններէն ստացած մեկնաբանութիւնը:
Հանթսմաններու կողմէ ստացուած ու անոնց ցանկութիւնը վերահաստատող նամակը հրապարակուած էր Հոկտեմբեր 1ին, բաժնուած էր Ազգային ժողովին մէջ՝ ե՛ւ պատգամաւորներուն, ե՛ւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, ապա տրամադրուած էր գլխաւոր դատախազութեան ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան: Այդ նամակի հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Սոյն նամակով, «Հանթսման Ինթըրնեշընըլ ԼԼՍ»ի եւ «Պոլիմեր Մաթիրիըլս ԻՆԿ»ի անունով կը վերահաստատենք մեր նախորդ խնդրանքը, թէ «Հանթսման Պիլտինկ Փրոտաքթս ԼԼՍ»ի բաժնետոմսերու վաճառքէն ստացուած հասոյթը (որուն ընդհանուր զուտ գումարը կազմած է 1,427,000 տոլար) փոխանցուի «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին՝ անոր բարեգործական նպատակներուն օգտագործման համար, հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ պրն. Վարդան Օսկանեանի միջոցով՝ անոր սեփական հայեցողութեամբ, առանց վերջնաժամկէտներու, որպէսզի մենք հասկնանք, թէ հիմնադրամին անունով այդ միջոցները ի պահ դրուած են իրեն մօտ եւ կը շարունակուին պահուիլ այս միջանկեալ ժամանակահատուածին»:
Նամակին բնօրինակը, ինչպէս նաեւ «Սիվիլիթաս»ի գործին առնչուող միւս փաստաթուղթերը կարելի է գտնել «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.