Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին, նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահը հիւրընկալեց թատերական ներկայացում մը՝ Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը Որքան Դժուար է», կամ՝ նշեալ թատերակին հիմամբ կառուցուած բեմադրութիւն մը։ Թատերախումբը եկած էր Թորոնթոյէն՝ Գանատայէն, բեմադրիչն էր Սիրարփի Աճէմեան, որ բեմին վրայ իր կողքին ունեցաւ ութ դերակատարներ։
1970ականներու սկիզբը լոյս տեսած՝ Մուշեղ Իշխանի այս թատերակը այդ օրերուն շուտով բեմ բարձրացաւ Պէյրութի մէջ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ, այնուհետեւ, քանիցս ներկայացուցած է տարբեր գաղութներու մէջ։ Հայուն այլասերման, հայկական հարցերու նկատմամբ հայու-ոչ հայու մօտեցման տարբերութիւններու եւ դեռ՝ շուկայի քաղաքականութիւնը ձեւով մը մարդկայնութեան հակադրող (ու նմանօրինակ) բարդ հարցեր պարզունակ ձեւով եւ զուարթախոհութեամբ ներկայացնող Մուշեղ Իշխան, այս նորագոյն բեմադրութեան ճամբով, «այլասերումներու» ենթարկուած էր բեմադրիչին կողմէ, յայտնապէս ներկայացումը կրճատելու եւ զուարթախոհութեան բաժինը քիչ մը աւելի շեշտելու, ինչո՞ւ չէ նաեւ այժմականացումի տարր մը գումարելու մօտեցումով։
Նախ արձանագրենք, որ ներկայացումը ընդհանուր առմամբ ընթացաւ հեզասահ. դերակատարները առաւել կամ նուազ չափով որդեգրած էին տիպարներուն կերպարները, հոգ չէ թէ երբեմն անձնական զեղումները լիովին համապատասխան չըլլային նոյնինք կերպարին. օրինակի համար, գլխաւոր հերոսը՝ Ճէյմս Արամեան, երբեմն զայրոյթի պահերուն կը մոռնար, թէ Պետրոս առաքեալի մը հետ բարկացած խօսիլը սահմանէ մը անդին պէտք չէ անցնի, իսկ վերջինն ալ պէտք է զգուշանայ երգիծանկարային գիծեր որդեգրելէ, մինչեւ իսկ եթէ զուարթախոհութեան նախադրեալը նման բան կը թելադրէ։
Թատերախաղի բնագիրին ծանօթ հանդիսատես մը շուտով պիտի անդրադառնար, որ բնագիրէն ու տիպարներէն զգալի զեղչումներ կատարուած էին. հոս կը ծագի երկու հարց. բեմադրիչ մը իրաւունք ունի՞ հեղինակի գրածէն մասեր զեղչելու. կարգ մը արուեստագէտներ կը պնդեն, որ նման քայլ մեղանչում է, ուրիշներ, այժմէականացումի կամ այլ նկատառումներով (այս պարագային, թերեւս նաեւ բաւարար դերակատարներու չգոյութեա՞ն պատճառով) նման քայլ արտօնելի է. նման միջոցի կը դիմեն նաեւ ժապաւէններու բեմադրիչներ, որոնք սակայն կը նշեն, թէ իրենց բեմագրութիւնը ՀԻՄՆՈՒԱԾ է այսինչ գրողի այնինչ գիրքին վրայ։ Յետոյ, որեւէ սղում՝ ինքնաբերաբար, կը նշանակէ բովանդակութենէն բան մը պակսեցնել. իսկ եթէ ի մտի ունենանք, որ Մուշեղ Իշխանի այս գործը, ինքնին, թատերական կուռ գործ մը ըլլալէ աւելի, հրապարակախօսական տարրերով լիացած է, ընդարձակ առումով քարոզչական նպատակի ալ կը ծառայէ (յաճախադէպ երեւոյթ հայկական թատրոնին մէջ), շուտով կ՛անդրադառնանք, որ հեղինակին այս նպատատակէտը կրնայ տուժել։ Այսուամենայնիւ, ու տարուած աշխատանքը գնահատելու տրամաբանութեամբ, պէտք է արձանագրել, որ սղումներ ու նորին ձուլումը կատարուած էր զգալի բծախնդրութեամբ եւ որոշ նախանձախնդրութեամբ, հետեւաբար, հանդիսականին համար մեծ հարցի չվերածուեցաւ նաեւ բախումներու մէջ յապաւումներու վիճակը։
Քանի մը նշում՝ թեքնիք երեսներուն մասին։ Իրերայաջորդ տեսարաններու բեմայարդարումը կատարուած էր պարզութեան երկրպագութիւն ընելով. հեղինակին թելադրած բեմայարդարումը եթէ անկարելիութիւններ կը ստեղծէ, բեմադրիչը յաջողած էր որոշ «հանելուկներ» լուծել յաջողութեամբ. դրախտի դուռը՝ շղարշով կերտուած վարագոյրներ էին, դէպի դրախտ ու դժոխք ցոյց տուող նկարներով, որոնք տուրք կու տային երգիծական յարումին։ Տան ու գրասենեակի տեսարաններուն պարագային, կահաւորման փոփոխութիւնը կը կատարուէր դերակատար-բեմավարներու կողմէ, բնական արագութեամբ ու առանց յառաջամասի վարագոյրի կարիք ստեղծելու, ուշագրաւ առաւելութիւն մը՝ բեմադրիչին համար։ Իսկ օգտագործուած երաժշտութիւնը եթէ մերթ կը հետեւէր հեղինակի թելադրութեանց, հոս ալ յաճախ նախընտրութիւնը տրուած էր մթնոլորտը թեթեւցնող, զուարթախոհութեան յարող կտորներու։
Ըստ ամենայնի, երկու օրերու վրայ երկարող ներկայացումը գոհունակութիւն ստեղծող երես ունի անպայմանօրէն. գաղութի մը մէջ, ուր թատերական կեանքը այդքան ալ եռուն չէ, հակառակ կարողականութեանց եւ տաղանդներու ներկայութեան, եւ ուր բեմական գործունէութիւնը ընդհանրապէս կը խուսափի «ծանր» ու լուրջ գործերու ներկայացումէն (միշտ յարգելով բացառութիւնները), «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է»ի այս տարբերակը խրախոյս կրնայ ծառայել, այն առումով, որ լրջախոհ թատրոնը պէտք է տուրքի իր բաժինը ստանայ մերթ ընդ մերթ։ (Լրջախոհ ըսելով չենք ակնարկեր ողբերգութեանց, կամ փիլիսոփայական-վերացական-արդիապաշտ գործերու, այլ սոսկական ծիծաղի հետամտութենէն քիչ մը անդին գացող, թատրոնը կեանքի հարցերուն ու ընթացիկէն անդին անցնող վիճակներու քննարկման, անոնց միջեւ բախումներու ժամադրավայրի վերածող գործերու)։
Այլ խօսքով, թատերական ամպամած երկինքին մէջ, այս ու նմանօրինակ բեմադրութիւններ կը թողուն լոյսի շողերու, մթագնած ամպերուն շուրջ-բոլորը երիզող լուսաւոր ժապաւէնի ազդեցութիւնը, որուն համար ողջունելի են կազմակերպիչները, թատերախումբն ու թատերասէրները, անկասկած։