ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան կը շարունակէ փորձել պետական բարձրագոյն մակարդակով արդարացնել ոճրագործ Սաֆարովին ներում շնորհելու բռնապետական գործելաոճը: Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ երիտասարդներու հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի «կացինային քաղաքականութիւնը» հերթական անգամ պաշտպանած է՝ նշելով, որ ինք չի զղջար հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելուն եւ զայն հերոսացնելուն համար:
«Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումը շատ ճիշդ էր: Եթէ նոյնիսկ նախօրօք գիտնայի, որ Հայաստանն ու անոր հովանաւորները նման աղմուկ պիտի հանեն, կրկին ներում պիտի շնորհէի Ռամիլ Սաֆարովին», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ ցոյց տալով, թէ իրեն համար որքա՛ն կարեւոր են միջազգային օրէնքներն ու բարոյական սկզբուքները: «Ինծի համար բացարձակ նշանակութիւն չունի, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն հայերը», աւելցուցած է ան:
Ալիեւ նաեւ անկարեւոր եւ երկակի չափանիշերու քաղաքականութեան արդիւնք համարած է միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանին հասցէագրուած քննադատութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.