
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ Ստեփան Փարթամեանի «Հայը Ամերիկայի Մէջ» («The Armenian in America») լուսանկարչական հատորի ներկայացումը, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway):
Քանի մը տարի առաջ Ստեփան Փարթամեան Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջապտոյտի մը նախաձեռնեց՝ փնտռելով հայութեան ձգած հետքերը: Այս հատորը, որուն մէջ կան մօտաւորապէս 600 լուսանկարներ, արգասիքն է այդ փնտռ-տուքին:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով: