
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի նոր դաշնակցութեան (ֆետերասիոնի) ընտրութիւնները:
Եօթը անձեր, որոնք առաջադրած էին իրենց թեկնածութիւնները, առանց որեւէ մէկ դժուարութեան եւ քուէարկութեան, ընտրուեցան եւ մաս կազմեցին նոր դաշնակցութեան՝ նկատի ունենալով, որ իրարու մրցակիցներ չկային, մանաւանդ որ նախանցեալ օրը, ընդհանուր քարտուղար Ռուքոզ Հոպէյքա յետս կոչած էր իր առաջադրած թեկնածութիւնը:
Դաշնակցութեան մօտ արձանագրուած 9 ակումբներէն 6ը ներկայ գտնուեցան այս ընտրութիւններուն: Այդ վեց ակումբներն էին՝ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, ՀՄՄ Պէյրութ, ՀՄՄ Սըն Ըլ Ֆիլ եւ Ամալ Պիքֆայա:
Նոր դաշնակցութեան երեք անդամները եղան ՀՄԸՄէն, երկուքը՝ ՀՄՄէն, մէկը՝ Ամալ Պիքֆայայէն, եւ մէկը՝ անկախ թեկնածու:
Բոլոր ներկայ գտնուողները վաւերացուցին վարչական եւ դրամական զեկուցումները, որոնցմէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում՝ հետեւեալ ձեւով.
Վաչէ Ծատուրեան (նախագահ, ՀՄԸՄ), Վազգէն Մելիքեան (փոխնախագահ, ՀՄՄ), Ապտօ Նատեր (ընդհանուր քարտուղար, Ամալ Պիքֆայա), Ռոպեր Փաթափութեան (գանձապահ, ՀՄՄ), Նազօ Հապիպեան (հաշուապահ, ՀՄԸՄ), Զոհրապ Մարգարեան (խորհրդական, ՀՄԸՄ) եւ Սեզար Սալլում (խորհրդական, անկախ թեկնածու):