ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5ին հաղորդեց, թէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 7.8 տոկոսի իջած է: Վերջին 44 ամիսներուն ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով է որ անգործութեան համեմատութիւնը 8 տոկոսէն վար կ՛իջնէ. տուեալ մը, որ կրնայ նպաստել նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահ վերընտրուելուն:
Նաեւ, անգործ ամերիկացիներուն թիւը իջած է 12.1 միլիոնի, ինչ որ նուազագոյն տուեալն է Յունուար 2009էն ի վեր: Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին 114,000 նոր աշխատատեղի գոյացած է:
Նաեւ, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու տուեալները վերատեսութեան ենթարկուած են նախարարութեան կողմէ՝ ցոյց տալով, թէ նախապէս հաղորդուածներուն կողքին 86,000 յաւելեալ նոր աշխատատեղի գոյացած է այս երկու ամիսներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.