ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Հոկտեմբերին ընդունած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» խումբի նախագահ Վոլֆկանկ Պէօրնզեն: Նախագահը ողջունած է Պէօրնզենի գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատած է խորհրդարանական մակարդակի այցելութիւնները՝ որպէս բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխճանաչողութեան բարձրացման ու բարեկամութեան ամրապնդման ծառայող քայլ:
Նման այցելութիւններ, ըստ նախագահին, կը նպաստեն նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ Հարաւային Կովկասի մասին առարկայական իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կարելիութիւնները՝ հայ-գերմանական քաղաքական երկխօսութեան հաստատման, բազմաբնոյթ համագործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակ զարգացման: Վոլֆկանկ Պէօրնզեն նշած է, որ իր գործընկերներուն հետ այսուհետեւ եւս ջանքեր ի գործ պիտի դնեն՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ փոխգործակցութիւնը խթանելու եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.