ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ շրջանին մէջ, Զաւարեան Ազգային վարժարանի մօտերը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի գիշերը տեղի ունեցած ռմբակոծումին հետեւանքով սպաննուած են Յասմիկ Տէր Ներսիսեան-Կիրակոսեանն ու Պարսում Պարսումեանը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան, ըստ որուն՝ կան նաեւ վիրաւորներ:
Ռէյիսեան նշեց, որ շտապ օգնութեան մարմինը անմիջապէս հարկաւոր միջոցներու դիմած է՝ բռնկուած հրդեհը մարելու համար, ու աւելցուց, թէ պայթումները նիւթական մեծ վնասներ հասցուցած են շրջակայ շինութիւններուն: Հոկտեմբեր 5ի գիշերը եւս ռումբ մը պայթած է Սուլէյմանիյէ թաղամասը՝ նիւթական վնասներ պատճառելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.