ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկայի ու Ռուսիոյ միջեւ լրտեսական նոր գայթակղութիւն մը ծագեցաւ, երբ Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանի դատախազութիւնը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին մեղադրանք ներկայացուց 11 անձերու դէմ: Անոնք կ՛ամբաստանուին Ռուսիոյ ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով եւ կը պնդուի, թէ անոնք ռազմական արհեստագիտութեան տուեալներ փոխանցած են Ռուսիոյ։
«Էֆ.Պի.Այ.»ը հրապարակեց մեղադրեալներու ցանկը։ Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Հիւսթընի մէջ։ Գլխաւոր կասկածեալն է Ամերիկայի 46ամեայ քաղաքացի Ալեքսանտր Ֆիշենքօն։ Ամբաստանեալներուն մէջ կայ նաեւ 58ամեայ Լիւտմիլա Պաղտիկեանը: Ըստ ամբաստանագիրին՝ մեղադրուողներուն մէջ կան Միացեալ Նահանգներու, Ատրպէյճանի, Ուքրանիոյ եւ Ղազախստանի քաղաքացիներ: Անոնք կրնան մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Ռուսիոյ իշխանութիւնները Հինգշաբթի օր յայտարարեցին, թէ ոչ մէկ կապ ունին նշեալ խմբակին հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.