
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի սարկաւագաց համագումարը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ ատենապետութեամբ Համլետ սրկ. Մեհրապեանի, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22ին:
Սարկաւագաց խորհուրդի ատենապետ Համլետ սրկ. Մեհրապեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, իսկ առաջնորդը իր օրհնութիւնները բաշխեց ու գնահատեց սարկաւագներուն կատարած նուիրեալ ծառայութիւնները, տուաւ իր հակիրճ պատգամը եւ յաջողութիւն մաղթեց համագումարին: Համլետ սրկ. Մեհրապեան ներկայացուց 2011ի գործունէութեանց տեղեկագիրը, իսկ ապագայ ծրագիրներու մասին արտայայտուեցաւ սարկաւագաց խորհուրդի անդամ Քրիստափոր սրկ. Մարգարեան: Ներկայացուեցան տնտեսական տեղեկագիրն ու նախատեսուած ամավարկը, ինչպէս նաեւ սարկաւագներու դերին ու պատրաստութեան մասին նիւթեր: Որոշուեցաւ սարկաւագաց համագումար կազմակերպել նաեւ Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ:
Սարկաւագաց նոր խորհուրդի կազմը հետեւեալն է՝ Վահան սրկ. Մանուկեան (ատենապետ), Լուտվիկ սրկ. Պարսքա (փոխատենապետ), Շանթ սրկ. Տիլանեան (ատենադպիր), Սարգիս սրկ. Սըգայեան (գանձապահ), Համլետ սրկ. Մեհրապեան եւ Փիթըր սրկ. Աթոյեան: