
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւրոպացի պատգամաւորները կը յայտարարեն, որ որոշ օրէնսդիրներ եւ այլ պաշտօնատարներ Ատրպէյճանի կողմէ կաշառք կը ստանան։ Այս մասին յայտնեց ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեանը՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Ան կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ եւրոպացի պատգամաւորներէն մէկը 3 Հոկտեմբերի նիստին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է բաց եւ հրապարակային կերպով խօսիլը այն մասին, որ Ատրպէյճան ուղղակիօրէն եւ բացայայտ կերպով նիւթական միջոցներ կը յատկացնէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւորներուն եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: «Այդ երկիրը հսկայական միջոցներ է դնում նրանց վրայ. արդէն կարեւոր է, որ դրա մասին բարձրաձայնում ենք ոչ միայն մենք՝ հայերս, այլ հէնց եւրոպացի օրէնսդիրները», դիտել տուած է Զոհրաբեան:
Պատգամաւորը ընդգծած է, որ Գերմանիոյ մէջ կան բազմաթիւ նման պատգամաւորներ, որոնք ուղղակիօրէն նիւթական միջոցներ կը ստանան Ատրպէյճանի կողմէ՝ այսպիսով դառնալով Ատրպէյճանի քարոզիչներ:
«Եւրախորհրդում այլեւս տրամադրութիւնն այնպիսին է, որ վրդովմունք կայ Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեան պատճառով: Մենք պէտք է այս ախտի մասին խօսենք հրապարակային: Պիտի խօսենք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս են բազմաթիւ պատգամաւորներ կաշառւում Ատրպէյճանի կողմից: Այս խնդիրն ուղղակիօրէն յառաջիկայում շատ լրջագոյն սքանտալի ձեւով պայթելու է», նշած է Զոհրաբեան:
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին, տարբեր հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերող հարցը: