ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Երկիր».- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու գծով տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտնած է. «Եթէ մարդուն հրաւիրում են քննութեան, եթէ նա արդար է, ապա վախենալու պատճառ չունի: Ամէն ինչ ներկայացուած փաստաթղթերից հասկացւում է. ինչո՞ւ էք դուք մտածում, որ աւարտն անպայման վատ է լինելու»։ Ըստ Աբրահամեանի՝ Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքով միջնորդագիրը ստանալուն պէս, անոնք հեռաձայնած եւ տեղեակ պահած են Վարդան Օսկանեանը:
«Մենք յենւում ենք իրականութեան վրայ. գործը կ՛աւարտուի, կը տեսնենք՝ մեղաւո՞ր է Օսկանեանը, թէ ո»չ, դիտել տուած է Յովիկ Աբրահամեանը եւ վստահեցուցած, որ եթէ պարզուի, թէ Օսկանեանը անմեղ է, ինքը ներում պիտի հայցէ Օսկանեանէն։
Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Օսկանեանի հարցը նախագահի յայտարարած՝ փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ չէ, եւ Օսկանեանը այն խոշոր ձուկը չէ, որուն գլուխէն պէտք է բռնել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահը այս մասին ի՞նչ կարծիք ունի՝ Աբրահամեան հաստատած է, որ նախագահը կ՛ուզէ իրականութիւնը գիտնալ. «Ես տպաւորութիւններով եւ զգացմունքներով չեմ ուղղորդւում, ուղղորդւում եմ իրականութեամբ», յայտարարած է Յովիկ Աբրահամեան։ Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Օսկանեան կը յայտարարէ, որ Ազգային ժողովի նախագահը խաբած է զինք՝ Աբրահամեան նշած է, որ չի գիտեր, թէ Վարդան Օսկանեան ի՛նչ նկատի ունի. «Ես ընդհանրապէս մարդկանց չեմ խաբում, դա իմ ձեռագիրը չի», նշած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.