ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու շարքին ուռուցքաբանական հիւանդութիւնները մահացու հիւանդութիւններու կարգին երկրորդ դիրքը կը գրաւեն։ 28 Սեպտեմբերին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեան:
Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուին ուռուցքաբանական հիւանդութիւններու բուժման երկու կեդրոններ, որոնք եզակի պիտի ըլլան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։
Առաջինը Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ պիտի կառուցուի, եւ այդ մասին բանակցութիւնները արդէն իրենց աւարտին մօտեցած են։ «Այն լինելու է ժամանակակից օնկոլոգիական (ուռուցքաբանական) կենտրոն, որտեղ եւ ախտորոշման, եւ բուժման, եւ վերականգնողական, եւ պալէատիւ բժշկութեան բոլոր պահանջները հաշուի են առնուելու: Կենտրոնի ստեղծումը համաֆինանսաւորելու է մի հայ մեծահարուստ: Կենտրոնում կիառուելու են վերջին սերնդի ռադիացիոն, հետազօտական, քիմիոթերապիայի մեթոդները, մատուցուելու է բազմապրոֆիլ վիրաբուժական ծառայութիւն», նշած է ան։
Երկրորդը մանկական ուռուցքաբանական կեդրոն է, որուն նախագծային աշխատանքները արդէն սկսած են։ Դ. Դումանեանի համաձայն, կեդրոնը պիտի ունենայ ցօղունային բջիջներու եւ ոսկրածուծի փոխպատուաստման բաժանմունք (այդ ծառայութիւնները ստանալու համար հայ երեխաները ներկայիս Գերմանիա կը ղրկուին): Այդ իրողութենէն մեկնած՝ կեդրոնի նախագծման եւ շինարարութեան աշխատանքները կատարելու համար Գերմանիայէն հրաւիրուած են յատուկ մասնագէտներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.